«Հայերը նեղոսի ափերուն». Գահիրէի մէջ նոր հատոր՝ հայութեան մասին (Լուսանկար)

Մօտ օրէն Գահիրէի միջազգային գրքի ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի հայերու մասին արաբերէնով նոր գիրք մը  «Հայերը Նեղոսի ափերուն» խորագրեալ։  

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Եգիպտոսի  Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 Եգիպտացի   ուսումնասիրող  Մաժէտ Իզաթ  Իսրայիլի  հեղինակած  եւ հինգ գլուխներէ բաղկացած գիրքը կ’անդրադառնայ հայերու ներկայութեան Եգիպտոսի Նեղոսի ափերուն, անոնց կեանքին, Եգիպտոսի հայ համայնքի արմատներուն, հայոց կոտորածներուն ու գաղթերուն,  նաեւ հայերու քաղաքական- հասարակական կեանքին։

Հատորը նաեւ  լոյսի տակ կ’առնէ թէ ինչպէս հայերը քաղաքական պաշտօններ վարած են յատկապէս Պատր Ալ Տին Ալ Ժամալիի օրօք, Եգիպտոսի մէջ օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, Մուհամմէտ Ալի փաշայի օրերուն, ինչպէս նաեւ երկու համաշխարհային պատերազմներու տարիներէն մինչեւ օրս։ 

Հատորը կ’ընդգծէ հայերուն դերը եգիպտական շուկաներուն, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան, անասնապահութեան, արհեստներու եւ արդիւնաբերութեան մէջ: Նաեւ կը շօշափէ առեւտուրի եւ հայ վաճառականներու ու լումայափոխներուն առօրեան ու անոնց դերը եգիպտական շուկաներու վերակենդանացման մէջ։ Կ’անդրադառնայ նաեւ հայկական տնտեսական ծրագիրներուն:  

Ապա այն կը ներկայացնէ հայերուն կեանքը նախքան 

 Միլանոյի հրամանագիրը՝ 313-ին,  կը բնութագրէ հայերուն հաւատքն ու հայ եկեղեցին Նիղոսի ափերուն, Եգիպտոսի հայ վանականութիւնը, հայկական վանքերը, ինչպէս Նաթրուն հովիտի վանքը:  Հատորը   կը նշէ նաեւ հայկական մանրանկաչութիւնն ու ղըպտիիներու սրբապատկերներու արուեստին առանձնայատութիւնները։  

Վերջապէս գիրքը կ’անդրադառնայ Եգիպտոսի Նեղոսի ափերուն գտնուող հայերու մշակութային կեանքին, կրթութեան՝ դպրոցներու, գրադարաններու, արուեստի եւ տպագրութեան, բարեգործական  եւ մշակութային միութիւններուն: 

Գրքի նախաբանին մէջ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան նշած է, «Բացառիկ այս հանգամանքներուն մէջ, հայերը պահպանելով հանդերձ իրենց ազգային արժէքները, անոնք  անբաժան մասնիկն են այս երկրի եւ այս ժողովուրդին: Իսկ անհատական գետնի վրայ, անոնցմէ շատեր իրենց ներդրումը ունեցած են զանազան ոլորտներու մէջ եւ նպաստած անոնց կառավարման, զարգացման ու աճման: Եւ շնորհիւ իրենց բացառիկ կարողութիւններուն, հաւատարմութեան եւ Եգիպտոսի  հանդէպ պատկանելիութեան զգացումին, անոնցմէ շատեր գրաւած են կարեւոր պաշտօններ եւ դիրքեր»։

 Հեղինակը   Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ՝ Տ. Աշոտ արք. Մնացականեանին հետ