ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը Յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Եւ ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Երկրի Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Լեհաստանի դեսպաններուն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, որուն մէջ ան մասնաւորաբար նշած էր, որ համանախագահները «պէտք է գիտնան, որ իրենք այլեւս պիտի չզբաղին Ղարաբաղի հարցով, որովհետեւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի եւ բազմաթիւ պետութիւններու միջեւ լարուածութեան պատճառով Եւրոպայի ու ամբողջ աշխարհի համար ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, Ազրպէյճան կը շարունակէ սպառնալ միջազգային անվտանգութեան եւ շրջանային գոյակցութեան ու զարգացման` անպատիժ մնալով Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ իր կատարած յարձակումին ու անոնց դէմ կատարած պատերազմական ոճիրներուն համար:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Ալիեւի յանդգնութիւնը արդիւնք է միջազգային համայնքի եւ մասնաւորաբար անվտանգութեան հարցերով զբաղող հիմնական միջազգային կազմակերպութիւններու անպատշաճ հակազդեցութեան: Հայ դատի մարմինը յիշեցուց, որ 1994-ին Հայաստանը, Արցախի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը ստորագրած էին զինադադարի եռակողմ համաձայնութիւն մը, որ այդ օրէն ի վեր շարունակաբար խախտուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ` հասնելով 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ու 27 սեպտեմբեր 2021-ի անարդարանալի յարձակումին:

«Եթէ միջազգային ընտանիքը Ազրպէյճանին ինքնազսպումի կոչ ուղղած ըլլար, այսօր բազմաթիւ կեանքերու կորուստը խնայուած կ՛ըլլար: Միջազգային ընտանիքը պէտք էր վաղուց դադրէր կառչած մնալ անկողմնակալութեան իր սխալ սկզբունքին: Նախայարձակն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ դնելու` այդպիսով Պաքուին իր յարձակումները անպատժելիութեամբ շարունակելու «կանաչ լոյս» տալու քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանը հետզհետէ աւելի յանդուգն դարձուց եւ պատճառ դարձաւ Արցախի ժողովրդավար հանրապետութեան լայն տարածքներու բռնագրաւման ու հազարաւորներու տեղահանման: Այս կացութիւնը այժմ պրն. Ալիեւին արտօնած է վատ վերաբերմունք ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն նկատմամբ, որոնք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ են», նշեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

Հայ դատի մարմինը միջազգային ընտանիքէն եւ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-էն պահանջեց կանխարգիլել Ազրպէյճանի` միջազգային համակարգը քանդելու եւ մարդու իրաւունքները ոտնահարելու փորձերը: Ազրպէյճան պէտք է վերստին ընդունի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը մնայ միջնորդութեան միակ հարթակը, որ միջազգայնօրէն լիազօրուած եւ ընդունուած է:

«ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պէտք է հաւատարիմ մնան իրենց պարտականութեան, դադրեցնեն իրենց յայտարարութիւններուն մէջ սխալ ու հակառակ արդիւնքը տուող, նախայարձակն ու յարձակումի ենթարկուած կողմը իրարու հաւասար դասելու քաղաքականութիւնը, եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կայուն, խաղաղ եւ մնայուն լուծման համար ազդու եւ առարկայական բանակցութիւններու մասնակցիլ ստիպելու համար պէտք եղած քայլը որդեգրեն», ընդգծեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

ՀՅԴ Հայ դատի Լիբանանի մարմին