«Հորիզոն»ի խմբագրական. «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» Խմբակցութեան կազմաւորումը քաղաքական նոր նուաճում
Մարտ 19, 2019 տարեթիւը գանատահայութեան եւ Արցախի ժողովուրդին պատմական տոմարներուն մէջ պիտի արձանագրուի որպէս շրջադարձային թուական։ Արդարեւ, այդ օրը, երկարատեւ ճիգերէ ետք, կեանքի կոչուեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութիւնը։