ՓԵՐԻՆՉԷՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՓԱՐԻԶի ՄԷՋ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, կազմուած` Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի ներկայացուցիչներէ, 21 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բարձրագոյն անձնակազմին հետ` Տօղու Փերինչէքի հարցով