Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն նախարար Մէյրի Ինկի ի պատիւ

(«Հորիզոն») – Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս ԳանատայիՇրջանային Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Գանատայի փոքր գործարարութեան եւ արտահանման խթանման նախարար Մէյրի Ինկի ի պատիւ:

Հայ Դատի յանձնախումբը Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նախարար Ատրիան Տիքսի հետ քննարկեց Արցախի հիմնահարցը

Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա

Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպեցան Արցախի աջակից խորհրդարանի անդամ Տօն Տէյվիսի եւ Նոր Դեմոկրատներու ղեկավար Ճակմիտ Սինկի հետ

19 Յունուար 2019-ին, Վանգուվըրի մէջ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի յանձախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան  եւ  յանձնախումբի անդամներ՝ Կարին Սաղտճեան, Վարուժան Պասմաճեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան հանդիպում ունեցան Գանատայի Խորհրդարանի անդամ, 

Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փէսչասոլիտօ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ խորհրդակցեցաւ Արցախեան հիմնահարցին շուրջ

Յունուար 15-ին, Վանգուվըրի Ռիչմընտ շրջանին մէջ, Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձախումբի ներկայացուցիչներՅակոբ Տէր Յակոբեան և Վահէ Անտոնեան Ընդառաջելով Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօ Փէսչասոլիտոյի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան անոր հրաւիրած ընդունելութեան

Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան Նախարարը այցելեց Վանգուվըրի Հայ Կեդրոն

Յունուար 6-ի առաւօտեան ժամերուն, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Առողջապահութեան Նախարար Ատրիան Տիքս այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Վանգուվըրի Հայ կեդրոն: Նախարար Տիքս իր կողակիցին հետ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ

Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր

(«Հորիզոն»).- Դեկտեմբեր 12-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի գիտաժողովներու սրահին տեղի ունեցաւ Փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրում «Հայոց ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի և Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի միջև: Յուշագիրը ստորագրեցին «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի տնօրէն

Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի յոբելեանի հանդիսութեան

Կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Ուխտի 70-ամեակը, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»ուան ծիրին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ Գոնգորտիայի «Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies

Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Գանատայի Արտգործնախարար Քրիսթիա Ֆրիլանտի Հետ

15 Նոյեմբեր 2018-ին, Օնթարիոյի Ուելանտ քաղաքին մէջ, Կեդրոնական Նիակարայի դաշնակցային ընտրատարածքը ներկայացնող Երեսփոխան Վանս Պատաուէյի յառաջիկայ ընտրութիւններու թեկնածութեան առաջադրման հաւաքիընթացքին, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պելեան, հանդիպումռառանձնազրոյց ունեցաւ

Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի հետ

Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար, ընկ. Սեւակ Պէլեան, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի հետ: