«Հայաստանի համար լաւագոյն համակարգը խորհրդարանական համակարգն է». Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ

(ՀՈՐԻԶՈՆ) Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի նախօրեակին «Հորիզոն» հարցազրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ։

«Հորիզոն» – Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատի ընթացքին։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան- Այս հոլովոյթը սկսաւ Զուիցերիայէն, երբ Հայաստան-Զուիցերիա միութիւնը դատ հարուցեց Փերինչեքի դէմ Զուիցերիոյ մէջ իր ունեցած ժխտողական յայտարարութեան պատճառով։ Հայկական միութիւնը շահեցաւ այդ դատը եւ Փերինչեք, բնականաբար Թուրքիոյ պետութեան քաջալերանքով, պահանջեց վերաքննութիւն, որուն, Զուիցերիոյ մէջ, հարցը բոլոր մակարդակներով աւարտեցաւ ի նպաստ հայկական կողմին։ Երբ Փերինչեք չյաջողեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, դիմեց Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարան, վերջինիս ստորին պալատը քննելէ ետք հարցը՝ արձակեց իր վճիռը, որ քիչ մը տարօրինակ էր, որովհետեւ ոչ միայն ուղղակի կերպով կ’անդրադառնար ցեղասպանութեան հարցին, այլ նաեւ այնպիսի շփոթ մը կը ստեղծէր, որ դուռ կը բանար այն հարցադրումին, թէ եւրոպական ազդեցիկ դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւս հաստատում մը կատարա՞ծ է։ Թուրքերը ուզեցին այս մէկը շահագործել եւ աշխարհով մէկ տարածեցին, թէ ճիշդ է Զուիցերիոյ մէջ կորսնցուցինք դատը, սակայն Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանը հաստատեց, որ ցեղասպանութիւնը տակաւին քննարկելի եւ վիճարկելի հարց է։ Դատարանը այսպիսի բան չէր ըսած, սակայն ճիշդ է, որ վճիռին մէջ կային կէտեր, որոնք շփոթ կը ստեղծէին։ Անհրաժեշտ էր զանոնք սրբագրել։ Բնականաբար ՀՅԴ-ի կեցուածքը այն էր, որ այդ վճիռը պէտք է սրբագրուի, ուստի պէտք էր դիմել այդ նոյն դատարանի վերին պալատին, եւ այդ նպատակին համար առաջին հերթին բողոք պէտք էր ներկայացնէր այն հայկական կազմակերպութիւնը, որ այս հոլովոյթը սկսած է, բնականաբար նաեւ Զուիցերիոյ պետութիւնը։ Ուստի մենք երկու ուղղութեամբ աշխատանք տարինք՝ առաջինը Զուիցերոյ պետութեան մօտ, ըլլայ այդ Հայ դատի յանձնախումբի ճամբով թէ Եւրոպայի մեր մարմիններու միջոցաւ։ Անշուշտ նոյնը ըրաւ նաեւ տեղւոյն Հայաստան-Զուիցերիա միութիւնը։ Զուիցերիան վերջին վայրկեանին վճռեց բողոքարկելու որոշումը։ Մեր երկրորդ աշխատանքը Հայաստանի պետութեան ուղղութեամբ էր, որպէսզի անիկա ձեռնածալ չմնայ, որովհետեւ արդարացիօրէն կային մտահոգութիւններ, թէ ի՛նչ կը պատահի, եթէ դատը լրիւ կորսնցնենք, ցեղասպանութեան հարցը յաւելեալ շփոթի մատնուի եւ եւրոպական դատարանը ստիպուի յանկարծ անպատրաստից կերպով այդ հարցը քննել։ Բարեբախտաբար կրցանք համոզել, որ հարցը Մարդկային Իրաւանց եւրոպական դատարանի վարին պալատի վճիռով վերջ չգտնէ։ Մենք բոլոր կողմերէն ճնշում բանեցուցինք, որ Զուիցերիայէն եւ Հայաստանէն անկախ նաեւ ուրիշներ կարենան մասնակցիլ՝ բանաւոր կամ գրաւոր կերպով։ Ուրախ եմ, որ մենք այդ ուղղութեամբ կրցանք համագործակցիլ երկու կազմակերպութիւններու հետ՝ Զօրեան հիմնարկի եւ ՀԲԸՄ-ի հետ։ ՀՅԴ-ն, Զօրեան հիմնարկն ու ՀԲԸՄ-ը միասին պատրաստեցին Սփիւռքի խօսքը, որ ներկայացուցեաւ Մարդկային Իրաւանց հիմնարկի անունով, եւ հետաքրքրականը այն էր, որ Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց պաշտպանութեան միութեան մէկ մասնաճիւղն ալ մասնակից եղաւ իր ստորագրութեամբ։ Մեր կողքին բնականաբար ներկայացուեցան Հայաստանի զեկուցումը եւ Զուիցերիոյ զեկուցումը։ Ուրախ ենք, որ նաեւ Ֆրանսան, մեր ընկերներու ջանքերով, մասնակցեցաւ իբրեւ հետաքրքրուող կողմ եւ հայամէտ կեցուածք ունեցաւ։ Բնականաբար մասնակից էին նաեւ միջազգային փաստաբաններ, որոնց մէկ մասը այստեղ՝ Գանատա էին։ Անոնց շարքին էր Մքկիլ համալսարանի դասախօս եւ միջազգային մարդկային իրաւանց մասնագէտ Փայամ Ախաւան։ Նշեմ նաեւ, որ վերջինս դերակատարութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ դէմ հարուցած դատին մէջ։ Իբրեւ ծանօթ անուններ եւ հայկական տեսակէտի պաշտպաններ, մասնակից էին Ամալ Քլունին եւ Ճէօֆրի Ռապըրթսընը։ Դռնփակ երկար քննարկումներէ ետք վճռուեցաւ, թէ սոյն դատը առնչութիւն չունի Հայոց ցեղասպանութեան հետ, եւ դատարանը այդ մասին չ’ուզեր վճիռ արձակել, ինչ որ յաղթանակ է, որովհետեւ սրբագրեց ստորին պալատի վճիռին անորոշութիւնը, սակայն դժբախտաբար հաստատեց, որ եւրոպայի մարդկային իրաւանց օրէնքները կ’արտօնեն, որ խօսքի եւ կարծիք արտայայտելու իրաւունքը ըլլայ բացարձակ, բացի յատուկ պարագաներէ, որովհետեւ այս որոշումը կրնայ ժխտականօրէն ազդել այլ ցեղասպանութիւններու ժխտման հարցերուն։ Դատարանի վճիռին մէկ մասը մեզի յուսախաբութիւն պատճառեց, սակայն մեծ մասը մեր ակնկալութեան համապատասխան էր։ Այս պարագան նաեւ կը փաստէ, որ Հայ դատի իրաւաբանականօրէն հետապնդումը լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի եւ ըստ այնմ պէտք է ներկայացուի։ Պէտք է շեշտեմ, որ այս հոլովոյթը ծրագրուած չէր, որպէսզի մենք կարողանայինք լաւապէս սերտել զայն։ Մենք ըսելով ըսել կ’ուզեմ հայկական կողմը իր պետութեամբ եւ սփիւռքով։ Ատիկա տեղական հայկական կազմակերպութեան մը հարուցած դատին արդիւնքն էր, որ սկիզբը տեղական հարց ըլլալով միջազգային ներդրում չէր ունեցած: Հաւանաբար եթէ սկիզբէն այլ մօտեցում ըլլար, աւելի լաւ արդիւնքներու կարենայինք հասնիլ։

«Հ»- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերը լայնածաւալ գործունէութիւն ունեցան։ Ի՞նչ էին գլխաւոր նախաձեռնութիւնները Հայ դատի աշխատանքներու գծով։

Յ.Տ.Խաչատուրեան- Առաջին հերթին նշեմ, որ մեզի համար գնահատելի էր արդիւնքը՝ ցեղասպանութեան հարցի եւ մեր իրաւունքներու արծարծման իմաստով։ Ըսեմ, որ ոչ միայն մեր Հայ դատի յանձնախումբի ցանցերն են, որոնք աշխատեցան, այլ նաեւ մեր մարմինները բաւական լուրջ գործ տարին ներքին իմաստով, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի տարածքին։ Ներազգային ճակատի վրայ ամենէն կարեւոր իրագործումը, որուն համար բաւական աշխատեցանք իբրեւ Դաշնակցութիւն, 100-ամեակի հռչակագիրն էր, որուն տակ ստորագրեցին հայ ժողովուրդը առաջնորդող գրեթէ բոլոր ուժերը, ըլլան անոնք հայաստանեան, թէ սփիւռքեան մակարդակի։ Այդ մէկը կը մնայ կարեւորագոյն փաստաթուղթը, որովհետեւ ատոր մէջ մենք քիչ մը աւելի գործնականացուցինք «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» կարգախօսը, եւ անոր մէջ շատ յստակ կերպով արտայայտուեցաւ պահանջատիրութեան բաժինը, որ սկզբնական տարբերակներուն մէջ չկար։ Այդ հռչակագիրին Հայաստանի նախագահին կողմէ կարդացուիլը պետական դրօշմ հանդիսացաւ մեզի եւ շատ կարեւոր իրագործում։ Ներազգային առումով նաեւ ուրախալի երեւոյթ էր, որ մենք կարողացանք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ սփիռքի տարածքին այս աշխատանքը համադրել եւ այդ ուղղութեամբ, ինչպէս գիտէք, ստեղծուած են համահայկական յանձնախումբեր, որուն իբրեւ արդիւնք բոլոր շրջաններուն մէջ ներկայացանք պատուաբեր կերպով։ Միջազգային առումով Հայ դատի յանձնախումբերու եւ մանաւանդ կեդրոնական յանձնախումբի ջանքերով մեր ստացած արձագանգները իսկապէս գնահատելի էին, որովհետեւ այլազան յայտարարութիւններու կողքին, մանաւանդ Եւրոպական խորհրդարանին, ունեցանք յայտարարութիւնը Գերմանիոյ նախագահին, որ շատ կարեւոր էր, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ խորհրդարանի որոշումը։ Գերմանիոյ մէջ թէեւ բանաձեւը քուէարկուած չէ, սակայն քննարկումը, որ տեղի ունեցաւ առհասարակ հայամէտ էր եւ անոնք որոնք կ’ընդդիմանային՝ լռութեան մատնուած էին, որովհետեւ իրենց «ընդդիմութիւնը» քաղաքական նկատառումներով էր։ Կարեւոր էին նաեւ Իսրայէլի նախագահի յայտարարութիւնը եւ Հռոմի Պապին կատարած պատարագն ու յայտարարութիւնը։ Փոքր նախաձեռնութիւնները ձիւնագնդակի նման իրարու միացան եւ ի վերջոյ մեծցաւ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ունեցաւ իր ազդու արձագանգը։ Ուրախ ենք նաեւ, որ 100-ամեակի ծիրին մէջ ընթացող աշխատանքները մինչեւ այսօր կը շարունակուին։ Մենք շատ յստակ կերպով ամէն տեղ ըսինք, որ 100-ամեակը մեզի համար կարեւոր թուական է, սակայն վերջակէտ չէ, որովհետեւ, թրքական քաջալերանքով եւ դժբախտաբար անոնց աջակցող կարգ մը պետութեանց դերակատարութեամբ, առկայ էր այն սխալ վարկածը, որ 100-ամեակը հայութեան վերջին փորձն է, որմէ ետք պիտի փակուի հարցը։ Բացարձակապէս այդպիսի բան գոյութիւն չունի։ 2015-ը մեզի համար կարեւոր թուական մըն էր եւ մենք այժմ պիտի անցնինք պահանջատիրութեան թղթածրարի լուրջ ուսումնասիրութեան։

«Հ»- Մօտ օրէն Հայաստանի սահմանադրութեան բարեփոխման թղթածրարը պիտի դրուի հանրաքուէի եւ ՀՅԴ-ն այս առնչութեամբ ունի յստակ տեսակէտ։

Յ.Տ.Խ.- Նաեւ այդ տեսակէտը վերածած է գրաւոր թղթածրարներու, որոնք այսօր կը ներկայացուին ժողովուրդին, որովհետեւ ինչպէս գիտէք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին «Այո»-ի եւ «Ոչ»-ի կողմեր, որոնք Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք հանրաքուէին համար կը ներկայացնեն իրենց թեզերը։ Մեր տեսակէտը Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացումի առաջին օրէն եղած է այն, որ Հայաստանի համար լաւագոյն համակարգը խորհրդարանական համակարգն է, որպէսզի միանձնեայ ղեկավարութենէն դուրս գանք։ Ի մտի ունենալով մանաւանդ խորհրդային անցեալը, մենք այն մտավախութիւնն ունէինք, որ իշխանութեան կեդրոնացում ըլլայ չարաշահուի, ինչ որ դժբախտաբար իրականութիւն դարձաւ։ Իրողութիւն մը, որ շուքի մէջ ձգեց թէ՛ խորհրդարանը, թէ՛ գործադիր իշխանութեան կարգ մը թեւերը, թէ՛ ալ արդարադատութիւնը։ Մեզի համար սահմանադրութեան բարեփոխման հարցով կայ հիմնական երեք հարց. առաջին՝ համակարգային փոփոխութիւնը, ուր խորհրդարանը կը դառնայ իշխանութեան բարձրագոյն օղակը, իսկ նախագահը իբրեւ խորհրդանիշը պետութեան կը մնայ քաղաքականութենէն վեր, չունենար գործադիր հանգամանք, կը վերածուի օրէնսդիրի, գործադիրի եւ արդարադատութեան մէկ խորհրդանիշը՝ առանց հիմնական լիազօրութիւններու, սակայն նաեւ ամբողջ հայութեան անունով խօսելու հանգամանք ունեցող: Երկրորդ՝ իշխանութեան երեք թեւերը պէտք է անջատ դառնան։ Իշխանութիւնը պէտք է կեդրոնանայ խորհրդարանին մէջ, ուր ներկայութիւն կ’ըլլան բոլոր ուժերը, իսկ խորհրդարանը պէտք է ընտրուի համամասնական ընտրակարգով։ Սկզբնական շրջանին բոլորն ալ դէմ էին այդ տեսակէտին, եւ ուրախ ենք, որ կամաց-կամաց համոզուեցան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը քիչ մը աւելի տիրական պիտի ըլլայ, եւ մեր քաղաքական բանավէճը, փոխան անձնական նախասիրութիւններու, կեդրոնացած պիտի ըլլայ գաղափարներու շուրջ։ Իշխանութեան թեւերու անջատման համար պէտք է վերատեսութեան ենթարկել օրէնսգիրքը, որ պիտի ըլլայ յաջորդ հանգրուանը։ Սահմանադրութեան բարեփուխումէն եւ կիրարկումէն ետք անմիջապէս պէտք է անցնինք այդ ընտրական օրէնսգիրքի վերանայման։ Իշխանութիւններու գործունէութեան մեքանիզմը պէտք է ճշդուի, մանաւանդ դատականի պարագային, որպէսզի Հայաստանի մէջ արդարութիւն իրականացուի, դատարանի դիմելով հարցի քննարկում կատարուելու հանգամանքը շեշտաւորուի եւ ոչ թէ վերէն պատգամի մը գործադրութեան տպաւորութիւն ստեղծէ։ Այսօր մեր դատական իշխանութիւնները կրնան առարկել, որ իրենք անկախ են, այս մէկը որոշ չափով ճիշդ է, անոնք այսօր աւելի անկախ են քան առաջ, սակայն երբեմն քաղաքական կեանքի մէջ տպաւորութիւնը նոյնքան արժէք ունի, որքան իրականութիւնը։ Այդ տպաւորութիւնը պէտք է վերացնել՝ փաստացի տուեալներու հիմամբ, որպէսզի ժողովուրդը համոզուի, որ կրնայ արդարութեան հասնիլ՝ դիմելով երրորդ իշխանութեան, որ արդարադատութեան համակարգն է, եւ ուր ունենանք արդար դատավարներ, որոնք վիճռները կայացնեն միայն ներկայացուած թղթածրարներու պաշտպանութեան եւ դատախազներու ներկայացուցած փաստերուն հիմամբ։ Երրորդը այն է, որ մենք պէտք է կարողանանք հիմնականին մէջ ստեղծել այնպիսի քաղաքական մթնոլորտ, որ հայ ազգին առաջնահերթութիւնները ըլլան բոլորին սեփականութիւնը եւ միայն Դաշնակցութիւնը չըլլայ այդ մէկը յառաջ մղողը։ Ուրախ ենք ըսելու, որ այդ ուղղութեամբ բաւական ճամբայ կտրած ենք։ Այդ իմաստով գոյութիւն ունի համախոհութիւն՝ ըլլա՛յ արցախեան ճակատի իմաստով, ըլլա՛յ պահանջատիրութեան թղթածրարի հարցով։ Մենք կարողացանք պետութեան քով շեշտել այն տեսակէտը, որ ցեղասպանութեան հարցով պէտք չէ բաւարարուիլ ճանաչումով, եւ Հայաստան չի կրնար դիմել քաղաքական որեւէ գործողութեան, որուն միջոցով ապագայի հաշւոյն սկիզբէն կարգ մը զիջումներ կատարենք՝ միջազգային օրէնքներուն հետեւելու սիրոյն։ Այս շփոթը փարատեցաւ, եւ կը յուսանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակով պիտի կարողանանք պահել այդ թափը, կարողանանք շարունակել 2016-ին եւ անկէ ետք ալ։

Լուսանկար – Յակոբ Տէր Խաչատուրեան