Հանդիպում Կիպրոսի ՀՅԴ, Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ԷՏԷՔի անդամներու միջեւ

Երեքշաբթի 28 Ապրիլին, ընկերվարական ԷՏԷՔ կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային նիստ ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ ԷՏԷՔի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու միջեւ:
Նիստին մասնակցեցան ԷՏԷՔի Կ.Կ-ի անդամ եւ Նախագահի Տեղակալ Կոստաս Էֆստաթիու ինչպէս նաեւ՝ իր Մամլոյ Պատասխանատուն:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեան եւ Կոմիտէի անդամ ընկ. Յակոբ Մանուկեան ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ – ՀԵՄի վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Գազանճեան:
Նիստի ընթացքին արծարծուեցան երկու կուսակցութիւններու յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ընկերվար միջագայնականի (Socialist International) մէջ գործակցելու միջոցներ:
Որոշուեցաւ մօտ օրէն կազմակերպել աշխատանքային հանդիպում, երկու կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններու անդամներու միջեւ իսկ ամրան՝ կազմակերպել միացեալ ձեռնարկ: