Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2015-ին, Հալէպի Ա.Մ.Ժ.Տան «Անի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Լսարանի հերթական 9-րդ նիստը: Նիստի զեկուցաբերներն էին Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` Սուրիոյ ներկայացուցիչ Զեփիւռ Րէիսեան եւ Ք.Ո.Մ.-ի ատենապետ Յարութ Էօրտէկեան:
Նիստին առաջին զեկոյցը փոխանցեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, իր զեկոյցին մէջ հիմք ունենալով Վատիկանի Ս. Աթոռը եւ Հայկական Հարցը: Ան նշեց, թէ 20-րդ դարու սկիզբը Կիլիկիոյ մէջ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունէր 16 թեմ, 300 քահանայ, 120 կրօնաւոր, 154 մայրապետ, 145 դպրոց եւ 36 վանք: 1915 – 1920 թուականներէն ետք, Պոլսոյ թեմը միայն շարունակեց գործել:
Հինէն իվեր Վատիկանի քահանայապետները շատ մօտ յարաբերութիւններ ունեցած են հայ ժողովուրդին հետ: 1895-էն սկսեալ արդէն սրբազան քահանայապետները իրենց դրական կեցուածքը ունէին հայերու նկատմամբ, ապա օգտըւելով իրենց համաշխարհային դիրքէն փորձեցին պաշտպանել օսմանական Թուրքիոյ մէջ գըտնուող հայ ժողովուրդին իրաւունքները: 1915-ին, օրուան քահանայապետ Պենետիքթոս 15-րդ, հայոց հանդէպ կատարուած բռնի գաղթն ու հալածանքները մատնանշող բազմաթիւ նամակներ գրած է սուլթանին ուղղուած: Սոյն նամակները հրատարակուած են Վատիկանի պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ եւրոպական զանազան թերթերու մէջ: Փրոֆ. Անտրէա Րիքարտի հաւաքելով այդ շրջանին հրատարակուած պաշտօնական նամակները պատրաստած է իր դոկտորական աւարտաճառը` «Պենետիքթոս 15-րդը եւ Հայկական Հարցը» խորագիրով:
Զեկուցաբերը նշեց, թէ Վատիկանը արտօնած է հրապարակել Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն դէպի Ս. Աթոռ ուղարկուած բոլոր արխիւային նամակներն ու տեղեկագիրները, զորս կ՛ապացուցեն հայոց ծանր իրավիճակը: Ուստի այս փաստաթուղթերուն ուսումնասիրութիւնն ու հրատարակութիւնը ստանձնած է յիսուսեան վարդապետներէն` պելճիքացի մասնագէտ Անտրէ Ճորճ Հանրի Ռուիսէն, որ մինչ օրս հրատարակած է իտալերէն չորս հատոր:
Արհիապատիւ Միրիաթեան իր խօսքի աւարտին ներկաներուն տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի Ս.Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, այժմու սրբազան քահանայապետը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ որոշեց անձամբ պատարագ մատուցանել` ի յարգանս հայ նահատակներու յիշատակին: Սոյն պատարագին Ս.Գրիգոր Նարեկացի պիտի հըռչակուի տիեզերական վարդապետ:
Զեկուցաբերը կազմակերպիչ մարմինին նուիրեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ հրատարակուած Նաճի Նումանի «Հարիւր տարի եւ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» արաբերէն հատորը:
Նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր Զեփիւռ Րէիսեան, որ նկատել տուաւ, թէ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը յարմար առիթը ստեղծեց թրքական կառավարութեան հայկական բնաջնջման ծրագիրի իրագործման համար: Հակառակ բոլոր ջանքերուն, որոնք թուրքերը ի գործ դրին քօղարկելու համար համատարած սպանութիւններն ու ոճիրները, արեւմտեան երկիրները` հասարակութիւնն ու ղեկավարութիւնը, լրիւ իրազեկ դարձած էին եղելութեան: Դիւանագիտական պարտաւորութեամբ, միսիոնարական յարաբերութեամբ, թէ անձնական գործի բերումով հայկական շըրջան գտնուող արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիներու տարածած պաշտօնական զեկոյցներ թէ անձնական յուշագրութիւններ վաւերական հարուստ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրադարձութեանց մասին: Տակաւին 1915-ի առաջին ամիսներէն տարածաշրջանով շահագրգռուած երկիրներու պաշտօնական անձնաւորութիւններ իրենց ելոյթներուն մէջ սկսած էին մտահոգութիւն յայտնել պատահարներուն շուրջ:
Արեւմտեան շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ, խորհրդարաններ ու կազմակերպութիւններ համապատասխան որոշումներով դատապարտեցին 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ իրագործուած զանգուածային կոտորածները, զայն համարելով նախօրօք ծրագրուած եւ հետեւողականօրէն իրագործուած ցեղասպանութիւն:
Զեկուցաբերը նշեց, թէ Երկրորդ Աշխարհամարտը իր հետ բերաւ զանգուածային բնաջնջման խնդիրին գծով նախաձեռնութեան սուր կարիք, որով կոչ կ՛ուղղէր ցեղասպանութեան զոհ դարձած ազգի նկատմամբ միջազգային պատասխանատուութիւն կրելու պարտաւորութիւնն ու զգացումը: Մարդու կեանքի, անհատներու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի պարտաւորութեան վրայ հիմնուած բարոյական համակարգին` Մ.Ա.Կ.-ի շարք մը միջազգային պայմանագիրներու մէջ ամրագրուիլը յոյս ներշնչեց հայ ժողովուրդին իր դատին միջազգայնացման առընթեր:
Արեւմուտքի երկիրներուն կողմէ մոռցուած ցեղասպանութեան յիշատակումը վերականգնելու համար հայութիւնը աշխարհով մէկ` Սփիւռքի տարածքին նախաձեռնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն: Այս առթիւ յիսնամեակը անկիւնադարձ մը եղաւ Հայ Դատի պայքարին մէջ: Ուստի կազմակերպուած աշխատանքի շնորհիւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դուրս եկաւ տասնամեակներու լռութենէն եւ միջազգային հետազօտութեան առարկայ դարձաւ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ վերականգնման ուղղութեամբ հսկայածաւալ աշխատանքներ տարուած են սփիւռքեան գաղութներէն թէ հայրենիքէն ներս: Այս աշխատանքներուն շնորհիւ հետզհետէ մեծցաւ տարբեր ժողովուրդներու, հասարակական, քաղաքական շրջանակներու եւ գիտական կեդրոններու հետազօտութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան վերոնշեալ ժամանակահատուածին նկատմամբ:
Սփիւռքեան գաղութներու կազմակերպած ճանաչման աշխատանքներու առաջին տասնամեակի դանդաղ ընթացքէն ետք, 1980-ական թուականները արդիւնաւէտ ընթացան եւ արձանագրուեցան յիշարժան նուաճումներ: Հայաստանի անկախութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը թեւակոխեց այլ հանգրուան մը: Հայոց պետութիւնը տէր կանգնեցաւ իր արդար դատին:
Ապա Զ. Րէիսեան ժամանակագրական կարգով ներկայացուց 1965-2015 յիսնամեակի վրայ երկարած սերունդներու յաջորդական հըսկայական աշխատանքներն ու նուաճումները, միջազգային կազմակերպութեանց ու պետութեանց կողմէ ճանաչման փաստերը:
Եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Աշխարհաքաղաքական պայմանները, ժամանակի համահունչ քայլերու ճշդումը, խնդրոյ առարկայ երկիրի կամ ատեանի ճանաչման բնագիրի բովանդակութիւնը, իր օգտագործած բառապաշարը ու շարք մը այլ մանրամասնութիւններու հաշուարկումը Սփիւռքի թէ հայրենիքի պետականութեան վրայ կը դնեն լուրջ պարտաւորութիւններ»:
Նիստին երրորդ զեկուցաբերը` Յարութ Էօրտէկեան, իր զեկոյցին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման միջազգային մեքանիզմը:
Ան ըսաւ, որ թուրք իշխանութիւն- ներուն կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ըստ էութեան պատմական, քաղաքական եւ իրաւական հարց է: Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը պատմական եւ իրաւական հարթակէն դէպի քաղաքական հարթակ փոխադրողները նոյնինքն յանցագործ իշխանութիւններն էին, որոնք անտեսեցին հարիւրաւոր օտար մասնագէտ աշխատողներու տեղեկութիւնները: Ցեղասպանութեան օրերուն, թուրք իշխանութիւնները եւ օրուան յանցագործ պարագլուխները պրծեցան Միջազգային Դատական ատեաններէ եւ գործընթացներէ, որովհետեւ 1920-ին Պելճիքայի լիազօր դեսպանը Ազգերու Լիկային մէջ ներկայացուց աշխատութիւն մը, ուր կը քըննարկէր Միջազգային Քրէական Արդարադատութեան ատեանի մը ստեղծման մասին, սակայն սոյն առաջարկը մերժուեցաւ: Այնուհետեւ, թրքական յանցագործ կողմը դատավարութեան ենթարկուեցաւ թուրք ռազմական ատեանին կողմէ: Երիտթուրքերուն կողմէն բեմականացուած թրքական դատավարութեան մէջ ընդհանրապէս բոլոր մեղադրական եզրակացութիւններն ու վճիռները համապատասխան են Մ.Ա.Կ.-ի 1948-ի ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ անոր պատիժի սահմանումին միջազգային պայմանագիրին:
Զեկուցաբերը սոյն դատավարութեան արդիւնքները սահմանեց հետեւեալ կէտերու մէջ.-
-Ամբաստանեալները յանցաւոր չհամարուեցան հայերու հանդէպ զանգուածային կոտորածներ կազմակերպելնուն համար:
-Հեռակայ դրութեամբ մահուան վճիռով դատապարտուեցան Թալէաթը, Էնվերը, Ճեմալը եւ Նազմին, իսկ միւսերը` տարբեր ժամկէտերով սպասարկումներու ենթարկըւեցան: Սոյն վճիռը հունի մէջ մտաւ 1915-ին օսմանեան սուլթան Մեհմետ 6-րդի վաւերացումէն ետք:
Աւելի ուշ, 1922-ին քեմալականները լուծեցին Երիտթուրքերու կազմած Ազգային Ռազմական ատեանը եւ համաներում շնորհեցին Երիտթուրք պարագլուխներուն: Սակայն այդ դատավճիռը իրականացաւ հայ վրիժառու բազուկներուն կողմէն: Իրաւական գետնի վրայ համաներումը չի հերքեր կատարուած ոճիրը:
Հուսկ, Յարութ Էօրտէկեան ներկայացուց պետութիւններու եւ միջազգային ոչ պետական կազմակերպութիւններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման մակարդակը:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան