Հարցազրոյց-Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յովակիմեանի հետ

«­Հան­րա­յին կար­ծի­քը զգաս­տու­թեան հրա­ւի­րե­լու,ար­տա­քին գետ­նի վրայ լու­սա­բա­նե­լու եւ ներ­քին գետ­նին վրայ միա­ւո­րո­ւե­լու ճի­գը՝ մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թեամբ է որ կը շեշ­տո­ւի»

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Ինչ­պէ՞ս կը գոր­ծէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բը։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բը միա­ցեալ կազմ ու­նի, Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ Դես­պա­նու­թեան, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նօթ է, Յու­նո­ւար 18ին Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բը հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թով մը ներ­կա­յա­ցուց ծրագ­րուած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը, ո­րոնք պի­տի ծա­ւա­լին ամ­բողջ տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան եւ մար­զա­կան բնոյթ ու­նե­ցող ձեռ­նարկ­ներ են, ո­րոնց մա­սին մա­մու­լով եւ հա­մա­ցան­ցով օ­րին տե­ղեակ պի­տի պա­հո­ւի հան­րու­թիւ­նը։

Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բի ծրա­գիր­նե­րու շար­քին որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն, կա­րե­ւոր է նշել, թէ Հ.Յ.Դ. կա­ռոյց­նե­րը եւ ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րը եւս յա­ւե­լեալ գոր­ծու­նէու­թիւն ծրագ­րած են ու կ­՚ի­րա­գոր­ծեն Ա­թէն­քի, Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ մէջ՝ Հ.Յ.Դ. տե­ղա­կան կո­մի­տէ­նե­րու, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան, Հայ Կա­պոյտ Խա­չի, Հայ Գ­թու­թեան Խա­չի, Հա­մազ­գա­յի­նի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րը, ո­րոնց հա­մադ­րու­մը կա­տա­րած է ար­դէն Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը, որ­պէս լրիւ ու ամ­բող­ջա­կան ծրա­գիր, կու գան զօ­րաց­նե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցը ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով նշե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ամ­բողջ Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին եւ ամ­բողջ տա­րո­ւայ մէջ։

Յա­տուկ ֆի­նան­սա­ւո­րու­մո՞վ։

Ա­յո, յա­տուկ ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով, ո­րուն մե­ծա­պէս օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լան Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ 100ա­մեա­կի խորհր­դան­շա­նով հրա­պա­րակ ե­լած կտրոն­նե­րը ինչ­պէս նաեւ 100ա­մեա­կի խորհր­դա­նիշ՝ ան­մո­ռուկ ծա­ղի­կի կրծքան­շան­նե­րը։ Կտ­րոն­նե­րը եւ կրծքան­շան­նե­րը կը տրա­մադ­րո­ւին հա­տը 5 եւ­րո­յի փո­խա­րէն, եւ ա­նոնց­մէ գո­յա­ցած գու­մա­րը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Կտ­րոն­նե­րը մի քա­նի ա­մի­սէ ի վեր ժո­ղո­վուր­դի տրա­մադ­րու­թեան տակ կը գտնո­ւին եւ յատ­կա­պէս այս հանգ­րո­ւա­նին՝ կոչ կ­՚ուղ­ղենք բո­լո­րին, որ­պէս­զի ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րեն ա­նոնց սպառ­ման գոր­ծին մէջ։

Ապ­րի­լի մէջ ո՞ր ձեռ­նարկ­նե­րը նա­խա­տե­սո­ւած են։

Ան­շուշտ քա­ղա­քա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը կը կեդ­րո­նաց­նեն ու­շադ­րու­թիւ­նը, քա­նի որ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան յոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեան պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւին Ա­թէն­քի «­Փա­լաս» դահ­լի­ճէն ներս՝ 19 Ապ­րի­լին, Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մալ­սա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ՝ 26 Ապ­րի­լին եւ Գա­վա­լա­յի մէջ` 26 Ապ­րի­լին։ Իւ­րա­յա­տուկ է օ­րո­ւայ բա­նա­խօս՝ Կիպ­րա­ցի եւ­րոե­րես­փո­խան տի­կին Է­լէ­նի Թէո­խա­րու­սի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, որ մեծ հմայք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան հա­սուն եւ ընդունո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն է։ Նոյն­պէս, Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը ստանձ­նած թուրք ծա­նօթ հրա­տա­րա­կիչ Ռա­կըպ Զա­րա­քօ­լո­ւի եւ Գա­վա­լա­յի մէջ Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տի­սի մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­տուկ շեշտ կու տան այս տա­րո­ւայ ե­լոյթ­նե­րուն։

Մաս­նա­ւոր շեշ­տադ­րու­մով կ­՚ու­զեմ անդրա­դառ­նալ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն Ա­թէն­քի մէջ եւ դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն Ապ­րիլ 24ի օ­րը։ Յու­նա­հա­յու­թեան հա­մա­խումբ, զօ­րա­ւոր եւ բազ­մա­մարդ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան հրա­մա­յա­կան է եւ կա­րե­ւոր։

Ն­շենք նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ Հա­յաս­տա­նէն ու­ղիղ պի­տի հե­ռասփ­ռո­ւի նաեւ Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ 23 Ապ­րի­լին։

Դար­ձեալ Ապ­րի­լին մէջ պի­տի ըլ­լայ հայ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս Ա­թէն­քի մէջ։ Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ պի­տի կա­յա­նան մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նի Փոք­րիկ Եր­գիչ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը։

Ը­սեմ, որ մեր ու­ղե­կից միու­թիւն­ներն ալ յա­տուկ կեր­պով պի­տի նշեն 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցը, սկսե­լով Հայ Կա­պոյտ Խա­չէն, որ իր տա­րե­կան ա­րիւ­նատ­ւու­թեան 100ա­մեա­կի պատ­շաճ շեշ­տադ­րու­մը կու­տայ՝ 100 շիշ ա­րիւն գո­յաց­նե­լու խորհըր­դան­շա­կան ու բարձր թի­րա­խով։ Այս տա­րի նաեւ ու­տես­տե­ղէ­նի հա­ւաք եւ բաշ­խում նա­խա­տե­սո­ւած է կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար, որ­պէս խորհր­դանը­շա­կան քայլ՝ Մեծ Ե­ղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած եւ Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած հա­զա­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան ու որբ հա­յե­րու տրո­ւած օգ­նու­թեան հա­մար։

Հ.Յ.Դ Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւ­նը յա­տուկ կրպակ­նե­րով պի­տի ներ­կա­յա­նայ Ա­թէն­քի եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ՝ յոյն հան­րու­թիւ­նը լու­սա­բա­նե­լու հա­մար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տի հե­տապնդ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։

Իր կար­գին Հ.Մ.Ը.Մ. կը ծրագ­րէ հե­ծե­լար­շաւ Ա­թէն­քի եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, հայ եւ յոյն, մեծ ու պզտիկ հե­ծե­լա­նա­ւորդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Նոյն­պէս, մար­զա­կան հան­դի­պում­ներ՝ գաղ­թա­կան յու­նա­կան այլ ա­կումբ­նե­րու դէմ, ինչ­պէս էր օ­րի­նա­կի հա­մար ան­ցեալ շա­բաթ կա­յա­ցած վո­լէյ-պո­լի մրցու­մը «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, Փա­նիո­նիոս խում­բին դէմ։

Ի՞նչ­պի­սի այլ մի­ջո­ցա­ռում­ներ նա­խա­տե­սո­ւած են մին­չեւ տա­րե­վերջ։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցի նո­ւի­րո­ւած շար­քը պի­տի եր­կա­րի Ապ­րի­լէն ան­դին նաեւ կազ­մա­կեր­պո­ւող բա­ւա­կան ձեռ­նարկ­նե­րով։ Պի­տի փոր­ձեմ ամ­փոփ կեր­պով տալ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը։

Մա­յի­սի սկիզ­բը Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ծրագ­րո­ւած է Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Գիր­քե­րու Մի­ջազ­գա­յին Ցու­ցա­հան­դէ­սին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով գիր­քե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ (նաեւ նմա­նօ­րի­նակ յու­նա­րէն գիր­քե­րով)։ Դար­ձեալ Մա­յի­սի սկիզ­բը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րա­նին հետ գոր­ծակ­ցա­բար, Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ա­ռա­ջին է­ջէ­րու ցու­ցա­հան­դէս, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին լու­րե­րը 1915ի օ­րե­րուն։ Նա­խա­տե­սո­ւած է դա­սա­կան նո­ւա­գա­խում­բի հա­մերգ Մա­յի­սին մէջ։

Իսկ Հա­մազ­գա­յի­նը հա­մեր­գա­յին մեծ ծրա­գիր մը ու­նի Յու­նի­սին մէջ, հայ­րե­նի համ­բա­ւա­ւոր երգ­չու­հի Նու­նէ Ե­սա­յեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս եւ թա­տե­րա­կան ու երգ­չախմ­բա­յին-պա­րախմ­բա­յին այլ ձեռ­նարկ­ներ։

Ող­ջու­նե­լի է յու­նա­հայ 80է ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին, Յու­լի­սին, որ ա­ռի­թը պի­տի տայ շա­տե­րու ներ­կայ ըլ­լա­լու տօ­նա­կան այս մեծ մի­ջո­ցառ­ման, վա­յե­լե­լով հայ­րե­նի­քի բա­րիք­նե­րը։

Նա­խա­տե­սո­ւած են մշա­կու­թա­յին ո­րոշ ձեռ­նարկ­ներ Սեպ­տեմ­բեր-­Հոկ­տեմ­բեր-­Նո­յեմ­բեր ա­միս­նե­րուն։ Ն­շե­լի են Հա­յաս­տա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րա­նի եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ցու­ցա­հան­դէ­սը, Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հէն ներս Հա­յաս­տա­նի կա­մե­րա­յին երգ­չա­խում­բի ե­լոյ­թը, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի բազ­մա­դա­րեայ պատ­մա­կան ի­րե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն Ա­թէն­քի մէջ։ Ա­ւե­լի ուշ, ծրագ­րո­ւած է հայ­կա­կան ֆիլ­մե­րու շա­բաթ։

Ար­դէն տա­րո­ւայ սկիզ­բէն ըն­դու­նե­ցինք մեծ թի­ւով դի­մում­ներ, Յու­նաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րու քա­ղա­քա­պե­տա­կան-մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց պարտ­քը կը զգան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­զե­կե­լու հա­մար տո­ւեալ պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թեան մա­սին։ Դի­մում­ներ ըն­դու­նած ենք Փ­սի­խի­քո­յի, Սի­րո­սի, Ռո­տո­սի, Քեր­քի­րա­յի եւ շատ այլ շրջան­նե­րու կող­մէ, նոյ­նիսկ տե­ղեր ուր հա­յու­թիւն չկայ մեծ թի­ւե­րով։ Այս ցոյց կու­տայ թէ յոյն ժո­ղո­վուր­դը, որ հա­յու­թեան պատ­մու­թեան շատ մը ե­րես­նե­րու բախ­տա­կից ե­ղած է ինք եւս, կը զօ­րակ­ցի եւ զգայ­նու­թեամբ կը դի­տէ հա­յու­թեան ար­դար պայ­քար­նե­րը։

Հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ ալ տե­սանք Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Ա­յո. աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան ան­ցեալ շա­բաթ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։ Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւ­նը եւս իր գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւ­նը կը բե­րէ այս շար­ժու­մին։ Մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Ա­թէն­քի մէջ խա­ղաղ ցոյց մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն առ­ջեւ՝ պաս­տառ­ներ բարձ­րաց­նե­լով ու դա­տա­պար­տե­լով Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան կեցո­ւած­քը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հան­դէպ։

Բո­ղո­քի այլ հա­ւաք­ներ եւս նա­խա­տեսուած են ՄԱ­Կի գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ու Ա­մե­րի­կեան դես­պա­նու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ։

Իսկ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն ապ­րի­լեան յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն, հա­մալ­րած ըլ­լա­լով ի­րենց դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Ո՞ւր կը տես­նէք ապ­րի­լեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցի շեշ­տադ­րու­մը։

Շատ մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ տե­սանք մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու զօ­րա­շար­ժը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցը պատ­շա­ճօ­րէն նշե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ։ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու ճի­գը՝ հա­մա­հայ­կա­կան մեծ նե­րուժ կը պար­տադ­րէ, որ­պէս­զի միաս­նա­կան ո­գիով ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ հաս­տա­տենք՝ թէ ժա­մա­նա­կի գոր­ծօ­նը մեզ շատ ա­ւե­լի վճռա­կամ ու պա­հան­ջա­տէր կը դարձ­նէ Թուր­քիոյ պե­տա­կան մեր­ժու­մին հան­դէպ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը զգաս­տու­թեան հրա­ւի­րե­լու, ար­տա­քին գետ­նի վրայ լու­սա­բա­նե­լու եւ ներ­քին գետ­նին վրայ միա­ւո­րո­ւե­լու ճի­գը՝ մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու ներգ­րա­ւուա­ծու­թեամբ է որ կը շեշ­տո­ւի։ Յա­ւե­լեալ՝ մեր բո­լոր կա­ռոյց­ներն ու միու­թիւն­նե­րը, ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան ծա­ռա­յե­լու սկզբուն­քով է որ կը մօ­տե­նան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցի խոր­հուր­դին, ու­րոյն ներդ­րում ու­նե­նա­լու նպա­տա­կով։

Մենք ու­րա­խու­թեամբ կ­՚ող­ջու­նենք ընդ­հան­րա­ցած այս մօ­տե­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րա­կան ծի­րէն ներս, քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ։

Յու­նաս­տա­նի մէջ մենք ու­նինք իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը ապ­րե­լու բա­րե­կա­մա­կան երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի մէջ, ուր ճանչ­ցո­ւած-դա­տա­պար­տո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ քրէա­կան հե­տապն­դու­մի են­թա­կայ է ա­նոր մեր­ժու­մը։ Պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ի՞նչ նա­խա­տե­սում կայ 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով։

Ինչ­պէս գի­տէք, աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ուղ­ղո­ւած է ՀՀ նա­խա­գա­հի հրա­ւէ­րը, Ապ­րիլ 24ին ներ­կայ գտնո­ւե­լու Ե­րե­ւա­նի մէջ, պե­տա­կան բարձր աս­տի­ճա­նի ներ­կա­յու­թիւն­նե­րով։ Մենք Յու­նաս­տա­նի մէջ, եր­կար տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քին սի­րոյն, որ տա­րո­ւած է յա­ջոր­դա­կան Հ.Յ.Դ. Յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րուն կող­մէ, շատ բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նինք յոյն պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ։ Իսկ Յու­նաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լոս հի­նէն ի վեր հա­յու­թեան ար­դար պայ­քար­նե­րու մե­ծա­գոյն բա­րե­կամ­նե­րէն հան­դի­սա­ցած է, գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ ու դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ։ Կը յու­սանք որ Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը բարձր մա­կար­դա­կով ներ­կայ պի­տի գտնո­ւի թէ՛ Հա­յաս­տա­նի թէ՛ Յու­նաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող բո­լոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն։

Ըն­դու­նե­ցինք նաեւ յու­նա­կան պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու ե­րախ­տա­գի­տա­կան եւ շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Յոյ­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ա­ռի­թով։ Քայլ մը, որ կը սպա­սո­ւէր յոյ­նե­րուն կող­մէ եւ յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ, խո­րա­պէս ա­պա­ցու­ցե­լով հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կա­մա­կան գե­րա­զանց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Յու­նաս­տա­նի հետ, ինչ­պէս եւ մեր ազ­գի հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ։

Տե­ղա­կան քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ մար­զա­յին տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու հետ Հ.Յ.Դ. Մար­մին­նե­րու եր­կար տա­րի­նե­րու մշա­կո­ւած աշ­խա­տան­քը իր բե­ղուն ար­դիւնք­նե­րը միշտ բե­րած է շրջան­նե­րէն ներս, դրա­կան մթնո­լորտ պար­տադ­րե­լով ա­մէ­նու­րեք։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը կը գի­տակ­ցի այս ի­րա­կա­նու­թեան, յար­գե­լով ի­րեն ե­ղած պա­տի­ւը եւ ջեր­մօ­րէն կը գնա­հա­տէ քա­ղա­քա­պե­տու­թեանց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Ն­շե­լի են յու­նա­կան հա­յա­հոծ քա­ղաք­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ եղ­բայ­րա­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քի, Թե­սա­ղո­նի­կէի, Նէա Զ­միռ­նիի, Նի­քէա­յի-­Ռէն­տիի եւ Գո­րի­տա­լո­սի մէջ կանգ­նած յու­շար­ձան­ներն ու խաչ­քա­րե­րը։ Բո­լոր այս ի­րա­գոր­ծում­նե­րը մեր եր­կա­րա­մեայ հե­տե­ւո­ղա­կան կա­պե­րու եւ ճի­գե­րու ար­դիւն­քը կը հան­դի­սա­նան։

100ա­մեա­կի այս նշա­նա­կա­լից տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին ծրագ­րո­ւած են բազ­մա­պի­սի հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­ներ՝ յատ­կա­պէս Նէա Զ­միռ­նիի, Բի­րէա­յի, Նի­քէա-­Ռէն­տի ու այլ քա­ղա­քա­պե­տու­թեանց եւ Հ.Յ.Դ. տե­ղա­կան Կո­մի­տէ­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցա­բար, ո­րոնք ար­դէն կը ծա­ւա­լին ամ­բողջ տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին։ Հոս պէտք է նշել, թէ մե­ծա­պէս ող­ջու­նե­լի է նաեւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ նոր յու­շար­ձա­նի մը զե­տե­ղու­մը Սեպ­տեմ­բե­րի մէջ։ Այս յու­շար­ձա­նը նո­ւի­րո­ւած պի­տի ըլ­լայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեայ տա­րե­լի­ցին։ Պէտք է շեշ­տեմ թէ ի­րա­պէս մեծ պա­տիւ մըն է հա­յու­թեան հան­դէպ, որ ցոյց կը տրո­ւի Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ։ Ան ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ որ տա­րի­ներ ա­ռաջ զե­տե­ղեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուի­րո­ւած «­Զան­գակ» յու­շա­կո­թո­ղը, իսկ հի­մա դար­ձեալ տեղ կը տրա­մադ­րէ, իր կեդ­րո­նա­կան վայ­րե­րէն մէ­կուն մէջ, որ­պէս­զի զե­տե­ղո­ւի բարձր ո­րա­կի եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քի նոր յու­շար­ձան մը։

Ի՞նչ է մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով։

Կը հա­ւա­տանք թէ ամ­բող­ջա­կան ծրա­գիր մը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի մեր բո­լո­րի ջան­քե­րով։ 100ա­մեա­կի Կեդ­րո­նա­կան միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բի, Հ.Յ.Դ. կա­ռոյց­նե­րու, ու­ղե­կից միու­թեանց եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ներ­գոր­ծու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թեան լայ­նա­ծա­ւալ ներ­կա­յու­թիւ­նը կրնանք ա­պա­հո­վել բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն, որ­պէս իւ­րա­քան­չիւ­րիս նո­ւա­զա­գոյն պար­տա­ւո­րու­թիւն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ազ­գո­վին մեծ ճիգ կը տա­րո­ւի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին տա­րի դարձ­նե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հա­յու­թեան պայ­քար­նե­րուն վրայ հրա­ւի­րե­լու ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան մեր թա­փը սաստ­կաց­նե­լու։

Ուս­տի, մեր հիմ­նա­կան նպա­տակն է՝ հա­մախմ­բում, զան­գո­ւա­ծա­յին ներ­կա­յու­թիւն, քա­րոզ­չա­կան լայն անդ­րա­դարձ, մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի վե­րա­նո­րո­գում։ Միաս­նա­կան ու­ժե­րով կրնանք յա­ռաջ տա­նիլ մեր պայ­քա­րը։ Կ­՚ակն­կա­լենք որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ըն­դա­ռա­ջէ եւ մեծ թի­ւե­րով ներ­կայ ըլ­լայ բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն։