Եգիպտահայ համայնքի նուիրեալ գործիչներէն՝ Տօքթ. Արմէն Մազլումեան մասնակից դարձաւ Նախագահ Սիսիի հովանաւորած գիտաժողովին (Լուսանկար)

Օրերս, բարձր հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առանցքներուն մասին յատկացուած գիտաժողով մը: 

 Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Եգիպտոսի Ընկերային միասնութեան նախարարութեան ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Մտքի եւ Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի կողմէ: 

Գիտաժողովին ներկայ էին Եգիպտոսի Ընկերային միասնութեան նախարար՝ դոկտ. Նիվին Ալ Քապպաժ, նաեւ Մտքի Եւ Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն՝ դոկտ. Խալէտ Ուքաշա: 

Սոյն կարեւոր ժողովին նաեւ ներկայ եղած է Եգիպտոսի հայկական համայնքի   յարգուած  անդամներէն, եւ տեղի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ տոքթ. Արմէն Մազլումեան: 

Այս առիթով «Արեւելք» հետաքրքրուեցաւ տոքթ. Մազլումեանէն ժողովին մասին, որ այդ առիթով ալ պատասխանեց մեր հարցումներուն: Ան մասնաւորապէս շեշտը դրաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընկերային խաւերուն եւ յատկապէս կրթական համակարգին մէջ ուրոյն տեղ տալու կարեւորութեան վրայ եւ այդ առումով ալ ան նշեց « Իմ ելոյթին հիմնական միտքը այն էր, որ անհրաժեշտ է դիւրամատչելի ձեւով ահաբեկչութեան մասին յատուկ ծրագիր մշակուի դպրոցական համակարգին մէջ եւ աշակերտութեան բացատրուի այս երեւոյթին մասին, անոր դրդապատճառներուն, դիմագրաւելու գործօններուն  մասին։ Ինչպէս  նաեւ  կարեւորութեամբ ներկայացուի տարբեր կրօններու հանդէպ հանդուրժողական ըլլալու  մօտեցումը,    դիմացինը ընդունելու եւ հաւասարութեան ու  մարդու իրաւունքներու սկզբունքները  լաւագոյնս տարածելու  անյետաձգելիութիւնը»։

Նշենք նաեւ, որ ժողովի աւարտին հրապարակուած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կարեւորութեան շեշտը դրուած  է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մշտական օրակարգ դարձնելու հիմունքներուն վրայ: Այս առումով հրապարակուած հաղորդագրութենէն կը ներկայացնենք կարեւորագոյն հատուածները: 

«Ահաբեկչութիւնը այս երկրի անվտանգութեան ամենալուրջ սպառնալիքն է։  Պէտք է ճշգրիտ գնահատենք ահաբեկչութիւնը զայն հասկնալու ու վերլուծելու, ինչպէս նաեւ անոր դէմ պայքարելու արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն մշակելու համար:  

Մենք կը գտնուինք փուլի  մը առջեւ, որ կը պահանջէ աշխարհէն վերանայիլ այս վտանգին, որ կը ձախողեցնէ մարդկութեան զարգացումն ու բարգաւաճումը: 

Արաբական գարուն կոչուած իրադարձութիւնները, ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ մշակութային, քաղաքական եւ ընկերային վնասներ պատճառեցին, որոնք մեծ դեր խաղցան աղաւաղելու ազգային ինքնութեան պատկերը:  

Ըստ եգիպտական ուսումնասիրութեանց, 2011-էն 2016 թուականներուն Եգիպտոսի տնտեսութեան կրած վնասները կազմած են ազգային համախառն արդիւնքի մէջ շուրջ 386 միլիառ ֆունտ:  Եգիպտոսը ներառուած է ահաբեկչութենէն ամենաշատ տուժած երկիրներու ցանկին մէջ:

Այս թիւերը պէտք է ահազանգ ըլլան տարածաշրջանին եւ աշխարհին համար: Պէտք է մշակուի համապարփակ արաբական ծրագիր դիմակայելու այս վտանգը, եւ այդ պէտք է իրագործուի երեք առնացքներով,- 

Մտային զարգացման առանցք՝ որ հիմնուած է ահաբեկչական գաղափարները դիմակայելու վրայ, շտկելով սխալ պատկերացումները:  Երկրորդ առանցք՝ կապուած է համատեղ համագործակցութեան խորացման հետ նպատակ ունենալով ցամքեցնել ահաբեկչական խմբաւորումներու ֆինանսաւորման աղբիւրները: 

Իսկ երրորդ առանցքը կախեալ է տեղեկատուական միջոցներէն: Պէտք է սահմանափակել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու  տեղեկատուական փոխանակումները:  Յատկապէս որ  ահաբեկչութիւնը սահման չի ճանչնար»: