Բովանդակալից զեկոյցներով ու քննարկումներով կը շարունակուի HAYTADOLOGY II-ը

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած HAYTADOLOGY II. հայկական ժամանակակից Հարցերու խտացեալ դասընթացքը շարունակուեցաւ 22 Փետրուար 2021-ին: Եւրոպայի 12 երկիրներէ հաւաքուած 80 երիտասրդներ առիթը ունեցան լսելու, սորվելու եւ քննարկելու Արցախեան վերջին պատերազմի լոյսին տակ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ժողովրդագրական, ապահովական, մարդասիրական, տնտեսական, սահմանային, մարդու իրաւունքներու խնդիրներու հետ կապուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն ու նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու փոխակապակցութեան եւ գործընթացները:

Այսպէս, առաջին նիստի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ Ուէսթմինիսթըր Համալսարանի Քաղաքագիտութեան եւ Միջազգային Յարաբերութիւններու Բաժնի Տնօրէն Փրոֆ. Տիպիէշ Անանտ եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազգերու Ինքնորոշման Իրաւունքը, որպէս մարդկային տարրական իրաւունք, անոր սահմանումը, նախադրեալներն ու բաղադրիչները եւ յստակօրէն ընդգծեց թէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հաստատելու համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը անառարկելի ու անքննարկելի նախապայման է: Ան շեշտեց, որ հայութիւնն ու հայաստանը պէտք չէ յուսահատին, այլ՝ պատրաստուին, զարգանան, կառչին իրենց մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան կերտումին որպէսզի աշխարհաքաղաքական յարմար պահուն Արցախի ժողովուրդը կարենայ իր ազգային ինքորոշման իրաւունքը կեանքի կոչել:
Փրոֆ. Տիպյէշի շահեկան ու ոգեւորիչ ելոյթէն ետք, հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետության մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զփօսաշրջութեան նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ ուղղակի Արցախէն առցանց միանալով երիտասարդներուն հետ, ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող այսօրուայ վիճակը՝ բնակչութեան թիւ, տեղահանուածներու դժուարութիւններ, ապահովական եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներ, ապագայի եւ Արցախի կարգավիճակի նկատմամբ տիրող անորոշութիւն, մարդկային, հողային, նիւթական ու մշակութային ժառանգութեան կորուստներու ծաւալ, տնտեսական, արդիւնաբերական եւ ուժանիւթային ոլորտի խնդիրներ, Ռուս խաղապահ ուժերու գործունէութին եւ Ռուսերէնը Արցախի պաշտօնական լեզու դարձնելու քննարկումներ:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեանը, որ հանգանամանլիցօրէն ներկայացուց պատերազմէն ետք Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող մարդկային իրաւանց գերխնդիրները: Ան իր խօսքին սկիզբը հաստատեց, թէ բազմաթիւ հիմքեր եւ փաստեր կան եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին պատերազմը էթնիկ զտումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն կը հետապնդէր: Ան խօսեցաւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներուն՝ կեանքի, ունեցուածքի, ապահովութեան, սահմանային գօտիներուն մինչ օրս տեղի ունեցող ապահովական դէպքերուն, անօրինական սահմանագծումներու առթիւ քաղաքացիներու տարրական իրաւունքներու ոտնահարման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու վերադարձի գծով տարուած աշխատանքներուն: ՄԻՊ-ը մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ Ազրպյէճաի գործած պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու գծով իրենց կատարած փաստահաւաքի աշխատանքներն ու հրատարակուած զեկոյցները, որոնք ուղղուած են մարդկային իրաւանց միջազգային ու եւրոպական կազմակերպութիւններու եւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանին:
Առաջին նիստի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, որ ներկայացուց պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք Արցախի ու Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի ձեռնարկած մարդասիրական ու վերականգնողական ծրագիրներուն ու յստակ թիւեր ու տուեալներ փոխանցեց: Բուժօգնութեան, վերականգնողական ծրագիրներու նպաստելու, տեղահանուած ընտանիքներու ամսական նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու կողքին, ՀՕՄ-ը նաեւ զոհուած հերոսներու զաւակներուն յատուկ ծրագիր կը գործադրէ: Աւելին, Տէրտէրեան նշեց թէ նախքան պատերազմ, ՀՕՄ-ի Արցախի մէջ գործող 8 մանկապարտէզներէն չորսը անցած է թշնամիին եւ այսօր միայն չորս մանկապարտէզներ կը գործեն ու ձրիաբար իրենց դռները բացած են Արցախի մանուկներուն համար: Տէրտէրեան նաեւ այլ զարմանալի ու դատապարտելի երեւոյթի մը անդրադարձաւ որ կը վերաբերէր Հայաստան առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնները մաքսազերծելու գործընաթցին: Ըստ իրեն, մինչ օրս Հայաստանի մաքսատան մէջ Նոյեմբեր 2020-էն Հայաստան հասած մարդասիրական օժանդակութիւններ կան ու բազմաթիւ այլ օժանդակութիւններ տակաւին մաքսազերծումի կը կարօտին ու իշխանութիւնները դժուարութիւններ կը յարուցեն ու դանդաղութեամբ կը շարժին:
Դասընթացքի երկրորդ նիստը նուիրուած էր «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը որպէս Երաշխիք Կանխարգիլելու Համար Նոր Ցեաղասպանութիւներ» նիւթիւն: Դասախօսներն էին Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի նախկին տնօրէն պատմաբան Հայկ Տէմոյեանն ու Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը: Երկու դասասխօսները իրենց ելոյթին մէջ որպէս հիմնական նախապայման Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը ապահովելու եւ նորերը կանխարգիլելու Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն ու կայունութիւնը նկատեցին: Անոնք շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է ջրել Ազրպէյճանի այն քննարկումները թէ վերջին պատերազմը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար մղուած պատերազմ էր, այլ պէտք է ամէն տեղ բարձրաձայնել թէ այն յստակ շարունակութիւնն էր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ցեղային մաքրագործումներու քաղաքականութեան, որ անմիջականօրէն կատարուեցաւ Թուրքիոյ ու վարձկան ահաբերկչական կառոյցներու ներգրաւումով: Ըստ Տէմոյեանի, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ շատ վտանգաւոր նոր երեւոյթ մը արձանագրուեցաւ երբ երկու պետութիւններ, այս պարագային Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, որոնք Միջազգային օրէնքի ենթակայ են, անմիջականօրէն օգտագործեցին ահաբեկչական կառոյցներ տարածքային հարց լուծելու, այսինքն մենք գործ ունէինք ահաբեկչական պատերազմի հետ: Տէմոյեան նաեւ առաջարկեց, որ շատ կարեւոր է որ Բան-թուրքիզմը, նացիզմի եւ պոլշեւիզմի նման, անցանկալի ու դատապարտելի գաղափարախօսութիւններու ցանկին դասելու համար լուրջ աշխատանք տանիլ միջազգային հարթակներու վրայ: Ան նաեւ կը հաւատայ, որ առանց Հայաստանի ու Սփիւռքի համատեղ գործակցութեամբ ու ջանքերով անհնար է հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման ու նորերը կանխարգիլել, առ այդ շատ կարեւոր է որ հայութեան ներուժի իսկական գնահատում կատարուի եւ հնարաւորութիւններու համադրումով դուրս գալ առկայ ծանր ճնգաժամէն: Համբարեան իր կարգին խօսեցաւ թէ հակառակ որ վերջին եօթանասուն տարիներուն Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման ու կանխարգիլման ճարտարագիտութիւնը միջազգային օրէնքին ու ընտանիքին կողմէ զարգացաւ, սակայն անոր գործադրութիւնը մինչ օրս գերի կը մնայ աշխարհաքաղաքական շահարկումներու եւ հաշիւներու: Ան խօսեցաւ նաեւ Ամերիկայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Պայտընի իշխանութեան այս գծով որդեգրելիք ուղղութեան եւ կարծիք յայտնեց թէ դժուար է պատկերացնել, որ Ամերիկան իր կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը փոխէ Թուրքիոյ նկատմամբ, նկատի առած երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Իրենց խօսքերու աւարտին, երկու դասախօսները յստակօրէն շեշտեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային ճանաչումը անմիջականօրէն կապուած է Արցախեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ու պետական անվտանգութեան հետ եւ կարելի ու ընդունելի չէ հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու նորերը կանխարգիլելու գործընթացներէն:
Տեղին է նշել, թէ իւրաքանչիւր դասախօսէ ետք, երիտասարդները քննական մտածողութեամբ ու յստակ հարցադրումներով փորձեցին յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալ յարագարժան դասախօս-զեկուցաբերներէն:
HAYTADOLOGY II. Դասընթացքը իր աշխատանքները պիտի վերսկսի Ուրբաթ, 26 Փետրուարին, այս անգամ անդրադառնալու Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի դերակատարութեան Արցախեան հարցի կարգարաւորման մէջ:
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ