Հայ Դատի Ամիսը՝ Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանէն Ներս

ԼԻԹԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ.- Վերջին երեք տարիներուն, «Փիլիպոս»էն ներս աւանդութիւն դարձած է Մայիս ամիսը նշել որպէս Հայ Դատի ամիս: Այդ իմաստով, համապատասխան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին յիշելու եւ յարգելու Մայիս ամսուան ընթացքին իրագործուած հայ ազգի յաղթանակները, պահանջատիրութեան ու յարատեւ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապրիլ 29ին առաւօտեան ժամը 9:30ին, մեծ խանդավառութեամբ վարժարանիս բոլոր աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ դէպի մարզասրահ, ուր բացումը կատարուեցաւ Հայ Դատին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն: Բացման աղօթքը եւ ուխտերը արտասանեցին վարժարանիս Աշակերտական խորհուրդի նախագահ Վիվիան Գասպարեանը ու փոխնախագահ Րաֆֆի Գարճեանը: Ապա վարժարանիս երգչախումբը՝ բաղկացած չորրորդ եւ հինգերորդ կարգերու աշակերտներէն, երգեց երեք քայլերգները՝ ամերիկեան, հայկական եւ «Փիլիպոս»ի, խրոխտ ու ինքնավստահ կերպով, Լուսինէ Գալստեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ:
Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանիս աւարտական կարգի տիպար աշակերտներէն Ադամ Կիմիճեան: Ան իր բարի գալուստի խօսքով պարզեց Հայ Դատի աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ գովաբանեց մայիսեան մեր ազգային յաղթանակները ու բարձր գնահատեց նոր սերունդին մէջ պահանջատիրութեան ոգիի առկայութիւնը:
Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց վարժարանիս շրջանաւարտներէն Մուշեղ Պետեւեան: Շատ մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն մըն էր տեսնել շրջանաւարտ աշակերտ մը, որ համալսարանաւարտ կարգավիճակով հանդէս կու գայ իր վարժարանի սաներուն առջեւ ու կենդանի փաստ մը կը ներկայացնէ «Փիլիպոս»ի աշխատանքին ու առաքելութեան արժեւորման: Մուշեղ համապարփակ կերպով ներկայացուց Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին իր հաւատքը ու զօրակցութիւնը եւ յոտնկայս ուխտել տուաւ բոլոր աշակերտներուն, որ պայքարի ու հայրենասիրութեան ջահը վառ պահեն իրենց սիրտերուն մէջ, ապա զայն փոխանցեն յաջորդող սերունդներուն:
Անգլերէն բացման իր խօսքով վարժարանիս ուսուցիչներէն Վարդան Միքայէլեան մանրամասնօրէն փոխանցեց օտարներու ընկալումը Հայ Դատի պայքարին եւ քաջալերեց աշակերտները, որ միշտ իրենց ազգային պարտականութիւնները կատարեն իրենց ազգին, հայրենինքին ու գաղութին նկատմամբ:
Ասմունքներ կատարեցին առաջին եւ երկրորդ կարգերէն խումբ մը աշակերտներ: Անոնք մանկական ոգի ու շունչ տուին Հայ Դատի պայքարին ու անոր շարունակականութեան:
«Կիլիկիա» երգի մեկնաբանութեամբ հանդէս եկան իններորդ կարգի աշակերտուհիներ Անոյշ Կիրակոսեան եւ Սարին Ինճէյեան: Իսկ Այբուբենի տառերը զարդանախշերով պատրաստած էին տասներորդ կարգի աշակերտները: Ոմանց պատրաստած տառերով, բեմին վրայ գրուեցաւ «Հայ Դատով Վերածնունդ» տողը: Անոնք հպարտ քայլերով, տառերը ու հայ լեզուի պահպանման պատասխանատուութիւնը վերցուցած՝ շրջեցան մարզադաշտին շուրջ, ապա ներկայացուցին աղօթք մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը իր տառով սկսող բառ մը արտասանեց բարձրաձայն, ապա բոլոր տառերը շարուեցան բեմին շուրջ: Աշակերտներուն աշխատանքը, հայոց տառերուն անհրաժեշտութիւնը ու ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարի սկզբնաւորութիւնը իմաստաւորողը եղած է Հայոց Այբուբենի գիւտը. այսպէս մեկնաբանեց իր խօսքին մէջ Անոյշ Ելարեան, ներկայացնելով աշակերտները, անոնց կատարած աշխատանքները ու Հայ Դատի ամսուան աշխատանքները:
Ապա, Ապրիլ ամսուան աշխատանքներու ներկայացուցիչ Սոնա Վարդապետեանը պայքարի ու յաղթանակի ջահը փոխանցեց Հայ Դատի ամսուան աշխատանքներու ներկայացուցիչ Թամար Թիւֆէնկճեանին:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ հանրաճանաչ երգչուհի Անի Քրիսթին, որ ելոյթ ունեցաւ «Հայս» երգով եւ մեծապէս խանդավառեց աշակերտները եւ ներկաները: Օրուան անակնկալն էր աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի ներկայութիւնը սրահին մէջ: Զայն ներկայացուց եօթներորդ կարգի աշակերտուհի Սօսէ Թովմասեանը, ապա «Տըլէ Եաման»ը նուագեց դաշնամուրով ու հրաւիրեց Ջիւան Գասպարեանը, որ իր սրտի խօսքը ըսէ աշակերտներուն:
Հայրենի տուտուկահարը շատ հարազատ կերպով իր մանկութեան օրերէն դրուագներ պատմեց, հաղորդական ձեւով զրուցեց ու գրաւեց բոլորին սիրտերը՝ ոչ թէ իր մելամաղձոտ տուտուկով, այլ անկեղծ ու ազգային ոգի բուրող իր արտայայտութիւններով: Աշակերտներուն համար պատմական օր մըն էր այդ օրը, որուն դաստիարակիչ ոգին պիտի տեւէ ամբողջ կեանք մը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ Դատի Հոլիվուտի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Թերեզա Երեմեանը: Ան մեծապէս գանահատեց կատարուած ձեռնարկը, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր աշկերտներուն եւ վարժարանին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն՝ իրենց անսակարկ նուիրումով ու աշխատունակ կեցուածքով:
Թերեզան իր կարգին հրաւիրեց Վարդան Կարապետեանը՝ Կլենտէյլի քաղաքապետի թեկնածուն, որպէսզի ան եւս քաջալերէ աշակերտները, որ շարունակեն իրենց գործը եւ պատասխանատու դիրքերու հասնելով՝ ծառայեն իրենց ազգին ու գաղութին:
Բոլոր ներկաները խանդավառութեամբ հետեւեցան յայտագիրի բաժիններուն: Ապա Ադամ բեմ հրաւիրեց տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքով ու պատգամով աշակերտները առաւել հայացնէ: Տնօրէնուհին իր կարգին բեմ հրաւիրեց հացադուլի մասնակից բոլոր աշակերտները, որոնց թիւը կը հասնէր 60ի: Ան խորին շնորհակալութիւն եւ հպարտութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց կատարած աշխատանքին համար, գնահատեց զիրենք որպէս լաւ հայեր, ապագայի մարտիկներ եւ կենդանի գործին հաւատացող փիլիպոսցիներ: Տնօրէնուհին բախտաւոր համարեց ներկայ սերունդը, որովհետեւ ան կ՛ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման օրերուն, միաժամանակ զայն համարեց աւելի պատասխանատու՝ իր ապագայի անվտանգ գոյատեւման:
Աւարտին, Ադամ բեմ հրաւիրեց Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի իր աղօթքներով տոգորէ ներկաները: Տէր Վիգէն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքին, բարձր գնահատեց վարժարանին տարած աշխատանքը եւ յատկապէս իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այս ազդեցիկ ձեռնարկին: Ապա, Կասիա Մահսէրէճեան հրաւիրեց իւրաքանչիւր կարգի ուսուցիչը, որպէսզի ընտրէ իր դասարանին յանձնուած ծառը: Ծառերը կը կրեն նահատակ գրագէտներու անուններ:
Բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները ու պաշտօնէութիւնը միասնաբար երգեցին Սարդարապատի երգը ու ապա բարձրացան բակ՝ իրենց ծառերուն կողքին կանգնելու, նկարուելու եւ հողը զետեղելու անոնց շուրջ: Ծառերը նոր աւիշով պիտի սնուին ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս բարձրացող հայ մանուկի թոթովանքներուն ներքոյ եւ անշուշտ պիտի ուրճանան հայրենաբաղձ աչքերու տաքուկ ու խոնաւ հայեացքներուն տակ:

(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)