Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Տեղի Ունեցաւ «Օրֆընզ Աֆ Տը Ճենոսայտ»ի Ցուցադրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Տեղի Ունեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «Օրֆընզ Աֆ Տը Ճենոսայտ» Ժապաւէնին Առաջին Ցուցադրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի «Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» («Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ») վաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով անգլերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նարինէ Պուլղուրճեան: Ան նշեց, որ միայն կրնանք երեւակայել, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը ինչպիսի՛ արհաւիրքներ տեսած են, զարմանալ անոնց վերապրումին մասին եւ մեր գլուխը խոնարհեցնել` յարգելով անոնց յիշատակը, Հայ դատի ջահը վառ պահելնուն եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելնուն համար:
Նարինէ Պուլղուրճեան

«Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը չկրցան Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը տեսնել, սակայն որբերուն շառաւիղները այսօր ականատես կը դառնան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի արշաւին մէջ թրքական կառավարութեան ներդրած հսկայական գումարներուն», ըսաւ Պուլղուրճեան:

Ապա ՀՅԴ տեղեկատուական-քարոզչական գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան կարդաց վաւերագրական ժապաւէնի գլխաւոր հովանաւոր Ալեքքօ Պէզիքեանի արաբերէն խօսքը, որուն մէջ ան նշեց.

«Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կը պատրաստուի արժանավայել ձեւով նշելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

«Լիբանանը Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն մէջ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրած որբերու առաջին կեդրոններէն հանդիսացաւ: Այստեղ էր, ուր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ որբերը մեծ դժուարութիւններու, չարչարանքներու մատնուելով, հասակ առին, որբանոցներէն դուրս գալով արհեստ սորվեցան, ուսում ստացան, հայկական ընտանիք կազմեցին, եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ հիմնեցին եւ մանաւանդ հայկական պահանջատիրութեան ոգին վա՛ռ պահեցին:

«Որբերու սերունդն էր, որ ապրելով Ցեղասպանութիւնը, կորսնցնելով ծնողք եւ ամէն ինչ, վերստին կրցաւ յարութիւն տալ մեր ազգին` մոխիրներէն վերյառնելով եւ թշնամիին ծրագիրը ձախողցնելով:

«Անթիլիաս, Ղազիր, ժիպէյլ, Անթուրա: Ահաւասիկ այն կեդրոնները, ուր հակառակ թշուառութեան, հակառակ անօթութեան, հակառակ հոգեբանական ծանր պայմաններուն, անոնք հայօրէ՛ն եւ պատուով կրցան յաղթահարել իրենց ճակատագիրի դառն վիճակը եւ կերտել լիբանանահայ գաղութը:

«Այն գաղութը, որ ահաւասիկ 100-ամեակէ մը ի վեր բարձր կը պահէ պահանջատիրութեան դրօշակը: Այս գաղութն է, որ կը շարունակէ պատրաստել եկեղեցականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, գործիչներ: Այս գաղութն է, որ հսկայածաւալ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէ եւ թշնամիէն կը պահանջէ իր եկեղեցիները, կալուածներն ու հողերը:

«Այս ժապաւէնին հերոսներուն կարեւոր մէկ մասը Լիբանանի մէջ հաստատուած որբերն են: Այս ժապաւէնին բեմադրիչը լիբանանահայ է: Այս ժապաւէնին հովանաւորը լիբանանահայ է, որուն հայրը այդ որբերէն մէկն էր եւ որ իր պատասխանը տուաւ ցեղասպանին հա՛յ ընտանիք կազմելով, հայերէն խօսելով, հայերէն աղօթելով եւ հայերէն պայքարելով:

«Մենք բոլորս, այն ինչ որ ենք իբրեւ հայկական գաղութ եւ իբրեւ սփիւռք, կը պարտինք այդ որբերուն սերունդին: Այդ սերունդն է, որ այս ժապաւէնով կը ծանօթացուի աշխարհին: Այս ժապաւէնը պէտք է շրջի աշխարհի տարբեր երկիրներ, որպէսզի մարդկութիւնը իմանայ հայ որբերուն պատճառ դարձած Ցեղասպանութեան մասին եւ որպէսզի թշնամիէն պահանջուի հատուցում հայ ժողովուրդի բոլո՛ր իրաւունքներուն:

«Այդ որբերու սերունդի յիշատակին մենք մինչեւ վերջ պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները»:

Վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայ որբերուն կեանքը, պատմական իրողութիւնները փաստերով եւ վկայութիւններով: Վերապրողներու զաւակներ եւ թոռնիկներ կը պատմեն իրենց ծնողներու չարչարանքը, թէ ինչպէ՛ս հասած են Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ Լիբանան:

Ժապաւէնը կը նկարագրէ որբանոցներուն պատմութիւնը, որբերուն իրավիճակը եւ գոյատեւելու պատճառը:

Բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ցուցադրութենէն ետք յայտնեց, որ ժապաւէնը նկարահանած է Ֆրեզնոյի, Նիւ Եորքի, Մոնրէալի եւ այլ քաղաքներու մէջ` աւելցնելով, որ 3 տարի տեւած է ժապաւէնին պատրաստութիւնը, որուն իրականացման մէջ իր ներդրումը ունեցած է Պէզիքեան ընտանիքը, որուն միջոցով կարելի եղած է աւարտին հասցնել ժապաւէնը:

Ան այս առիթով դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ժապաւէնին պատրաստութեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ արդէն կը պատրաստէ «Ուումըն աֆ 1915» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ ոչ հայ կիները, որոնք օժանդակած են հայերուն: Այս ժապաւէնին մէջ եւս Լիբանանը ներառուած է` նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ լիբանանցի կիներ օգնած են հայերուն, շեշտելով, որ Լիբանանը իսկապէս ամէնէն հիւրընկալ երկիրն է:

Իր խօսքի աւարտին Մարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան:

Ապա Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ Վաչէ Ծատուրեան յուշանուէր մը յանձնեց Պարէտ Մարոնեանին` առ ի գնահատանք անոր տարած ազգանուէր աշխատանքին:

«Ազդակ»

Պարէտ Մարոնեան եւ Վաչէ Ծատուրեան
Պարէտ Մարոնեան եւ Վաչէ Ծատուրեան