Հայ եւ յոյն ժողովուրդի վերապրումի ու պայքարի ոգիին նուիրուած ձեռնարկ Սիրոսի մէջ

Ա­ղէ­տի նոյն ճա­նա­պար­հէն քա­լած ­Փոքր Ա­սիոյ հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու ող­բեր­գու­թեան անդ­րա­դար­ձող, բայց նաեւ վե­րապ­րած­նե­րու հո­գե­կան ուժն ու վե­րապ­րու­մի կա­րո­ղու­թիւ­նը շեշ­տող ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Քիք­լա­տես կղզե­խում­բի ­Սի­րո­սի մայ­րա­քա­ղաք Էր­մու­փո­լի­սի մէջ, ­Շա­բաթ՝ 14 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ին, շքեղ «Ա­փո­լոն» թատ­րո­նի դահ­լի­ճէն ներս։ ­Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Սի­րո­սի ­Փոքր Ա­սիա­ցի­նե­րու միու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու «Էֆք­սի­նոս ­Փոն­տոս» միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման ա­ռի­թով ­Սի­րոս կղզին կ­’այ­ցե­լէին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը։

­Պատ­մա­կան յու­շին նո­ւի­րո­ւած այս ե­րե­կո­յին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուրդ։ ­Ներ­կայ էր ­Սի­րո­սի մետ­րո­պո­լիտ ­Տո­րո­թէոս սրբա­զա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, նախ­կին քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ մար­զա­յին իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց նո­րըն­տիր քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Նի­քոս ­Լի­վա­տա­րաս, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին եւ ան­կէ փրկո­ւած գաղ­թա­կան հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին, որ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Սի­րոս, հիւ­րա­սէր կղզիին մէջ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լով իր մշա­կոյ­թը, պա­հե­լով իր ինք­նու­թիւ­նը եւ կեր­տե­լով իր ա­պա­գան։Ան խօ­սե­ցաւ իր ման­կու­թեան ու­սու­ցիչ ­Զա­խա­րիաս Տ­րո­սո­սի կող­մէ ժա­ռանգ թո­ղո­ւած «Τα παιδιά του κατακλυσμού» աշ­խա­տան­քին մա­սին, ուր կա­րե­ւոր տո­ւեալ­ներ կը փո­խան­ցո­ւին Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք ­Սի­րոս հաս­տա­տո­ւած եւ որ­բա­նո­ցին մէջ խնա­մո­ւած՝ ա­ւե­լի քան 2.000 գաղ­թա­կան որ­բուկ­նե­րու մա­սին, ո­րոնք հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, հա­կա­ռակ որ շա­տոնց մեկ­նած էին կղզիէն, շա­րու­նա­կե­ցին գալ ­Սի­րոս ու այ­ցե­լել՝ ի­րենց հան­դէպ այն­քան սրտա­գին վե­րա­բեր­մունք ցոյց տո­ւած կղզե­ցի­նե­րուն։

­Վառ խօս­քե­րով, ե­րաժշ­տու­թեամբ, պաս­տա­ռին վրայ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու ցու­ցադ­րու­մով եւ զգայ­նու­թիւն պատ­ճա­ռող վկա­յու­թիւն­նե­րով եր­գա-պա­րա­յին խառն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ մը պատ­րաս­տո­ւած էր, ուր հնչեց նաեւ հայ­կա­կան եր­գը, յոյն երգ­չու­հիի մը զգա­յուն մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ող­ջոյ­նի խօսք մը ուղ­ղեց ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Սի­րո­սի մէջ ան­ցեա­լին պատս­պա­րո­ւած հայ որ­բե­րուն, շեշ­տե­լով թէ նոյն հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ շա­րու­նա­կե­ցին ցոյց տալ ­Սի­րոս­ցի­նե­րը, ի­րենց մօտ հիւ­րըն­կա­լե­լով Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րը, որ ար­դէն մօտ 25 տա­րի­նե­րէ ի վեր, խումբ-խումբ կը շա­րու­նա­կեն ա­մէն ա­մառ ­Սի­րոս գալ եւ ա­մառ­նա­յին ան­հոգ ար­ձա­կուր­դի օ­րեր վա­յե­լել ­Քի­նիի ծո­վե­զե­րեայ շրջա­նին մէջ։

Այս իւ­րօ­րի­նակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­զա­կի պա­րա­գայ մըն է, որ ան­քակ­տե­լի կա­պե­րով ի­րա­րու կը մօ­տեց­նէ ­Սի­րոսն ու Ար­ցախն, հա­յերն ու յոյ­նե­րը։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան խօսք ուղ­ղեց ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ հաս­տա­տեց, թէ հա­յաշ­խար­հի մէջ ար­ձա­գան­գի ար­ժա­նի դար­ձած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, ­Սի­րո­սի մէջ Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րու հիւ­րա­սի­րու­թեան պա­րա­գան, որ իր փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ նաեւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ, քա­նի որ 500ի հաս­նող փոք­րիկ­նե­րուն թի­ւը, բո­լոր այս 25 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, կը շա­րու­նա­կէ իր սրտին մէջ պա­հել ­Սի­րո­սի մէջ ապ­րած օ­րե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը։

«Ա­նոնք այ­լեւս մեծ­ցած, ըն­տա­նիք կազ­մած հա­յոր­դի­ներ են, ո­րոնք սա­կայն ­Սի­րո­սի կա­պոյտ եր­կին­քը ի­րենց հո­գի­նե­րուն մէջ ընդ­միշտ գո­ցած են» ը­սաւ Սր­բա­զան հայ­րը, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն բնո­րո­շե­լով իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Սի­րոս կղզին։ Ան յա­ջո­ղու­թեան եւ ար­դիւ­նա­ւոր նստաշր­ջա­նի մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց նո­րըն­տիր քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Նի­քոս ­Լի­վա­տա­րա­սին, իր հա­մո­զու­մը յայտ­նե­լով, թէ եր­կար տա­րի­ներ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի Ար­ցա­խի փոք­րե­րու հիւ­րա­սի­րու­թեան ծրա­գի­րը։

Ձեռ­նար­կի վեր­ջա­ւո­րու­թեան յի­շա­տա­կի նո­ւէր­ներ փո­խա­նա­կո­ւե­ցան: Պարոն քաղաքապետը Սիրոսի պատմութեան անդրադարձող լուսանկարչական հարուստ ալպոմ մը նուիրեց:

Դափ­նեպ­սա­կի զե­տե­ղում

­Կի­րա­կի՝ 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տին զո­հո­ւած հայ եւ յոյն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ, Ք­սի­րո­քամ­պօ «նախ­կին գաղ­թա­կա­նա­կան» շրջա­նի ­Սուրբ ­Թաք­սիար­խիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Ներ­կայ ե­ղաւ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։
Ա­պա, կղզիի նա­հան­գա­պե­տա­յին, քա­ղա­քա­պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցաւ Ք­սի­րո­քամ­պո­յի հրա­պա­րա­կին վրայ զե­տե­ղո­ւած յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեան։

Այ­ցե­լու­թիւն զօ­րա­նոց

­Կի­րա­կի՝ 15 ­Սեպ­տեմ­բե­րին այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ տրո­ւե­ցաւ «Զ. Ա­փոս­թո­լու»ի ա­նո­ւան զօ­րա­նոց, ուր հաս­տա­տո­ւած է ՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շը եւ հայ որ­բե­րու պատ­մու­թիւ­նը հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նող փոք­րիկ, բայց կա­րե­ւոր թան­գա­րան մը։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րուն, ծնո­ղա­զուրկ դար­ձած հա­զա­րա­ւոր փոք­րիկ­նե­րէն շուրջ 2.000ը պատս­պա­րո­ւե­ցան «Ա­մե­րի­կեան ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի» (Near East Relief) նպաս­տա­մա­տոյց կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ­Սի­րոս կղզիին մէջ հիմ­նո­ւած որ­բա­նո­ցին մէջ:

Պատ­մա­կան այս վայ­րին նո­ւի­րո­ւած նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մըն է որ կը գոր­ծէ հոն, որ ժա­մա­նա­կագրա­կան շար­քով կը ներ­կա­յաց­նէ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան վայր հան­դի­սա­ցող զօ­րա­նո­ցի պատ­մու­թիւ­նը՝ հայ որ­բե­րու խնա­մա­տա­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն։ ­Լու­սան­կար­նե­րէն կը հե­տե­ւինք ի­րենց կեան­քի պայ­ման­նե­րուն, երբ ե­րե­խա­նե­րը սկիզ­բը պարզ վրան­նե­րու տակ կը մնա­յին։ Սկզբ­նա­կան շրջա­նին փոք­րե­րը դա­սե­րով կը զբա­ղէին, մինչ ա­ւե­լի մե­ծե­րը՝ կ­’օգ­նէին, որ­պէս­զի շէն­քե­րը շի­նո­ւին։ Ա­նոնք կը հե­տե­ւէին յա­տուկ դա­սըն­թացք­նե­րու, ար­հեստ­ներ սոր­վե­լով՝ ձե­ռա­գործ, կօշ­կա­կա­րու­թիւն, լե­զու, եր­գեր, դեր­ձա­կու­թիւն։

­Ցու­ցադ­րու­թեան դրո­ւած բո­լոր այդ ի­րե­րը (փոք­րիկ պուպ­րիկ­ներ, հա­գուստ­նե­րու կտոր­ներ, կո­ճակ­ներ, մա­զե­րու զար­դեր, ինք­նաշ­խատ խա­ղա­լիք­ներ, ե­ւայլն) յա­տուկ խնամ­քով ներ­կա­յա­ցո­ւած են ու կը պահ­պա­նո­ւին այս վայ­րէն ներս:

Որ­բա­նո­ցը ար­ժա­նա­ցած էր «­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մե­ծա­գոյն որ­բա­նոց» տխուր տիտ­ղո­սին: ­Շէն­քը, հե­տա­գա­յին, տար­բեր ձե­ւե­րով օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ, դառ­նա­լով յան­ցա­պարտ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար բանտ, ա­պա 1944էն ետք՝ զօ­րա­նոց: ­Նո­րո­գում­նե­րու շրջան մըն ալ ան­ցաւ, բայց շէն­քա­յին հիմ­նա­կան կա­ռոյ­ցը կը մնայ նոյ­նը: ­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տան­քը մի քա­նի տա­րի­ներ ա­ռաջ կա­տա­րած է հնա­բան ­Լեֆ­թե­րիս ­Զոր­զոս։

Ցու­ցադ­րու­թեան ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան կեր­պով ներ­կա­յա­ցո­ւած են լու­սան­կար­նե­րը: ­Բա­ցատ­րո­ղա­կան գրու­թիւն­նե­րը յու­նա­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն այ­ցե­լու­նե­րուն։

Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը շա­րու­նա­կա­կան կապ կը պա­հէ ­Սի­րո­սի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով եւ օ­ժան­դա­կե­լով այս աշ­խա­տան­քի բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի պատ­մա­կան յու­շի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման ծա­ռա­յող կա­րե­ւոր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: