«Մեր Արցախը. Միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ» բնաբանով ձեռնարկ՝ Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան Տան մէջ

«­Մեր Ար­ցա­խը. ­Մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ճամ­բուն վրայ» բնա­բա­նով ձեռ­նարկ՝ ­Յու­նաս­տա­նի Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ­Տան մէջ

Հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ե­ղող Ար­ցա­խի հար­ցի մա­սին խօ­սե­ցան Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Լ. ­Յով­հան­նի­սեան եւ ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծա­նօթ դա­սա­խօս­ներ Ա. ­Լան­կի­տիս եւ Խ. Եա­լու­րի­տիս։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 20 ­Մարտ 2019ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30ին, ­Յու­նաս­տա­նի Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ­Տան (ΕΣΗΕΑ) սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Մեր Ար­ցա­խը. ­Մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ճամ­բուն վրայ» բնա­բա­նով ձեռ­նարկ, ուր ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան, ­Փան­տիօ ­Հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին գի­տու­թեանց ա­րե­ւե­լեան բա­ժան­մուն­քի ծա­նօթ դա­սա­խօս­ներ Ա­ֆեն­տու­լիս ­Լան­կի­տիս եւ Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տիս։ ­Ձեռ­նար­կի հա­մադ­րու­մը եւ թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղան յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան փոխ- դես­պան Ա­լեք­սանդր ­Սարգ­սեան, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին փոխ-նա­խա­գահ­ներ ­Զո­յի ­Գոնս­թան­տո­փու­լու եւ Ա­փոս­թո­լոս ­Գաք­լա­մա­նիս, նախ­կին նա­խա­րար­ներ եւ խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ ­Փա­նաեո­թիս ­Քու­րուպ­լիս, Օլ­ղա ­Քե­ֆա­լո­յա­նի, ­Գոս­թաս ­Կիւ­լե­քաս, ­Վա­սի­լիս ­Մի­խա­լո­լիա­քոս, ինչ­պէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան եւ ան­դամ­նե­րը, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ ան­դամ­նե­րը, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ Հ.Մ.Ը.­Մի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ա­տե­նա­պետ­ներ ու ան­դամ­ներ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, լրագ­րող­ներ եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­ներ։

Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը ցոյց տրուե­ցաւ Ար­ցա­խի հար­ցին մա­սին պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով ու ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին անդ­րա­դար­ձող Artsakh. History and Conflict հե­տաքրք­րա­կան ե­րի­զը, որ յու­նա­րէ­նի են­թա­խո­րագ­րե­րով պատ­րաս­տո­ւած էր, յատ­կա­պէս ձեռ­նար­կին ցու­ցադ­րո­ւե­լու հա­մար։

Ա­պա՝ բաց­ման խօս­քը Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ կա­տա­րեց ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պու­մին ու Ար­ցա­խի նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեա­նի ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն՝ հան­րու­թեան յայտ­նե­լով, թէ ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պու­մը նա­խա­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած էր կա­յա­նա­լու Փան­տիօ ­Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, այ­սու­հան­դերձ՝ տհաճ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու եւ ճնշում­նե­րու են­թար­կո­ւե­լով հա­մալ­սա­րա­նը, իր ռեք­թո­րին կող­մէ փո­խան­ցո­ւած ար­գել­քով՝ ետ քա­շեց իր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը։ Այս զար­գա­ցու­մին վրայ ո­րո­շո­ւե­ցաւ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պել ­Յու­նաս­տա­նի Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ­Տան մէջ, գա­ղա­փար­նե­րու ու ա­զատ խօս­քի շրջա­նա­ռու­թեան խորհր­դանշա­կան այս կա­րե­ւոր հիմ­նար­կէն ներս։

Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը պի­տի ա­պա­հո­վէ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին անշր­ջե­լիու­թիւ­նը

Ար­ցա­խը հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր հիմ­նա­հարց ու հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է,- ը­սաւ զրու­ցա­վար ըն­կե­րու­հին, որ խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րի­նա­կա­նու­թեան ա­պա­հով­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ ին­քո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մա­սին, ա­պա՝ խօս­քը փո­խան­ցեց եր­կու յոյն հրա­ւի­րեալ դա­սա­խօս­նե­րուն, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քա­րին, զէն­քի ու­ժով՝ ի­րա­ւունք պար­տադ­րե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի թիւր ճի­գե­րուն, ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կե­ցին ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս ու խօ­սե­ցան ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի ու­ժե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեանց մա­սին։

Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին, զբօ­սաշրջու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու զար­գաց­ման ու երկ­րի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին խօ­սե­ցաւ նա­խա­րար ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան:

Պրն. նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ ապ­րող յու­նա­կան ծա­գու­մով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հար­ցը՝ յայտ­նե­լով, թէ Ար­ցա­խի մէջ 19րդ ­դա­րու 1840ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ար­դէն ձե­ւա­ւո­րո­ւած էր յու­նա­կան փոք­րիկ հա­մայնք, որ ապ­րած է ու կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ իր հե­տաքրք­րա­կան ա­ռօ­րեա­յով՝ մաս­նա­կից մնա­լով Ար­ցա­խի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին: Ան խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Մեհ­մա­նա գիւ­ղին մէջ բնա­կող յոյ­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս եւ լրագ­րա­կան ու այլ աշ­խա­տանք­նե­րով զբա­ղող յոյ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք նոյն­պէս են­թար­կո­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի բռնաճն­շում­նե­րուն ու հա­լա­ծանք­նե­րուն։ Պրն. նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցախ-­Յու­նաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, զորս կա­րե­լի է ա­ւե­լի ամ­րապն­դել՝ կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թեամբ: «­Մենք պատ­րաստ ենք փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան, բաց ենք կա­ռու­ցո­ղա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րու քննարկ­ման ու նա­խա­գիծ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար»,- յայտ­նեց պրն. նա­խա­րա­րը:

Ի­րեն ուղ­ղո­ւած հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ ան նշեց Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման եւ ա­նոր ժո­ղովր­դա­յին ու տա­րած­քա­յին միաս­նու­թեան անվ­տան­գու­թեան հար­ցի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: ­Դեռ ա­ւե­լին՝ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը լրա­ցու­ցիչ խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան եւ, մաս­նա­ւո­րա­պէս, երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման՝ դրա­կան իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վրայ: