Ջաւախքի Վերաբերեալ Հաւաք Կլենտէյլի Համայնքային Քոլեճին Մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018ի կէսօրին, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի սրահին մէջ համախմբուած էին աւելի քան հարիւր ուսանողներ եւ հիւրեր, մասնակից դառնալու համար Ջաւախքի մասին տեղեկատուական քննարկումի մը, հիւրընկալութեամբ՝ քոլեճի Հայ ուսանողներու միութեան: Ձեռնարկի կազմակերպման գործակցեցան Հայ ուսանողական ընդհ. միութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը: Ուսանողական սոյն հաւաքը յաջողեցաւ համայն եւ յատկապէս Ջաւախքի հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցել մասնակիցներուն:
]

Հաւաքի զեկուցաբերներն էին Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի անդամ Գառնի Արմէնեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բիւզանդ Պէրպէրեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յարաբերական բաժինի պատասխանատու Տիգրան Խոտանեան: Նախաձեռնութեան համադրումը կատարեց նոյն քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ Փրենի Ալավերդեան:

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան քննարկեց Արցախի պատմականը եւ այն իրադարձութիւնները, որոնք պատմականօրէն հայկական հողեր նկատուող այդ շրջանը առաջնորդած են ներկայ իրավիճակին: Սինանեան նաեւ քննարկեց Ջաւախքի գիւղատնտեսութեան եւ տնտեսութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ իր անձնական փորձառութիւնները եւ կապերը Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ: Իր խօսքին մէջ Սինանեան տեղեկատուական ակնարկ մը նետեց ընդհանրապէս ջաւախքահայութեան եւ յատկապէս Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ներկայ պայմաններուն վրայ: Ան բացատրեց կարգ մը քաղաքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող կտրուկ տարբերութիւններն ու հիմնական այն ազդակները, որոնք տարբերութիւններ ստեղծած են ենթակառուցուածքներու, մշակոյթի եւ կրթական համակարգերուն միջեւ:

«Անցեալ Յունիսին, ես բախտը ունեցայ այցելելու Ջաւախք՝ Ախալցխա վայրէջք կատարելու հեռանկարով, սակայն ինծի յայտնեցին, թէ կարելի չէ Ախալքալաքով անցնիլ եւ ժամանակ չանցընել հոն, ուրեմն ես կանգ առի Ախալքալաք եւ ամբողջ օր մը հոն անցուցի», ըսաւ Սինանեան եւ միաժամանակ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ դրական կողմերու առընթեր, կարեւոր է հասկնալ նաեւ ջաւախքահայութեան դիմագրաւած ամէնօրեայ ճգնաժամը:

Հայ Դատի յանձնախումբի յարաբերականի պատասխանատու Տիգրան Խոտանեան, իր կարգին քննարկեց Ջաւախքի Արտաշիսեան շրջանի պատմութիւնն ու այն իրադարձութիւնները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Վրաստանի տարբեր հայկական համայնքներու վրայ: Ան նաեւ անդրադարձաւ իր փորձառութիւններուն՝ «Ջաւախք» ճամբարէն, որուն ինք մասնակցած էր թէ՛ իբրեւ խորհրդատու, թէ՛ իբրեւ խումբի պատասխանատու:

ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Գառնի Արմէնեան ականատեսի փորձառութեամբ անդրադարձաւ Ջաւախքի չորս շրջաններու հայկական գիւղական եւ քաղաքային համայնքներու ապրուստի պայմաններուն: Ան շեշտեց ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամին զօրակցելու կարեւորութիւնը, որ հիմնական եւ ապահով երթիք կը հանդիսանայ Վրաստանի հայկական կեդրոններուն, յատկապէս նկատի ունենալով վերջերս Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերանորոգման եւ ընդարձակման նախաձեռնութիւնը: Արմէնեան քննարկեց նաեւ հիմնադրամին զանազան ծրագիրներու իրականացումը՝ շեշտելով կարեւորութիւնը նուիրատուութիւններուն ու անձնական ներկայութեան:

ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բիւզանդ Պէրպէրեան ներկայացուց, թէ ինչպէս առաջին անգամ Ջաւախքի մասին լսած էր ՀՕՄի նախաձեռնած աշակերտական գանձանակներուն միջոցաւ եւ վերջին տարիներուն պատմական հայկական այդ հողատարածքը անձնապէս տեսնելու իրողութիւնը: Ան նաեւ իբրեւ «Ջաւախք» ճամբարի մասնակից շեշտեց Ջաւախքին օգնութիւն ուղարկելու եւ հոն այցելելու կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ այդ շրջանը յաճախ մոռացութեան ենթարկուած է Սփիւռքի կողմէ:

Յայտնենք, որ ուսանողական կարեւոր այս հաւաքի հիւրերուն կարգին էին ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի Հոգաբարձութեան խորհուրդի ատենապետ Արմինէ Յակոբեան եւ անդամ Վահէ Փիրումեան, քոլեճի խորհրդատու դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան, Նահանգային խորհուրդի անդամ Լաուրա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչ Վիքթորիա Տոշօղլեան, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան եւ ուրիշներ:

ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելեցէք arswestusa.org/campaigns/javakhk/ կայքէջը։

Ջաւախքի նուիրուած այս հաւաքը կարելի դիտել

https://www.facebook.com/ARSJavakhkFund/videos/1826193570784473/ կայքէջին միջոցով։

Ուսանողական սոյն հաւաքը Մարտ ամսուան ընթացքին նախատեսուած նախաձեռնութիւններէն մէկն էն, որ նպատակ ունէր Ջաւախքի մասին տեղեկացնել մեր շրջապատը: Ամսուան սկիզբը, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը հաճելի անակնկալով մը 100,000 տոլար նուիրատուութիւն ստացաւ վաստակաշատ ՀՕՄուհի Հայկոյշ Գեղինեան-Քոհլըրէն, որ կեդրոնական եւ շրջանային մակարդակի վրայ բազմաթիւ կարեւոր պաշտօններ վարած է ՀՕՄի մէջ:

Յիշենք, որ ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին նախաձեռնած վերջին դրամահաւաքը պիտի յատկացուի Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնի վերանորոգման եւ ընդարձակման գործին: