“The Armenian Cause, Today” talk show

“The Armenian Cause Today” talk show on Radio Voice of Van (94.7 & 95 Mhz fm, Beirut). Tune in today, Tuesday 18/03/2014, at 5 pm for an episode about the economic perspective of opening the borders between Armenia & Turkey.

Live streaming and podcasting: www.voiceofvan.net

Listen to the talk show by clicking here.

«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Սահմանի Բացման Տնտեսական Հեռանկարները»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Hay Tade aysor Poladian TaslakianԼիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին հիւրն էր Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել Հայաստան-Թուրքիա տնտեսական յարաբերութիւնները նախքան սահմաններու փակումը` այսինքն կեդրոնանանք առաջին Հանրապետութեան եւ խորհրդային վարչակարգի ժամանակաշրջաններուն վրայ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ.- Առաջին Հանրապետութեան ժամանակահատուածին, մօտաւոր երկուքուկէս տարի, Թուրքիան նախ պատերազմական վիճակի մէջ էր Հայաստանի հետ մինչեւ Մոտրոսի զինադադարը, որմէ ետք արդէն Թուրքիան Դաշնակիցներուն անձնատուր եղած պետութիւն էր: Հետեւաբար, Թուրքիան որպէս առանձին պետութիւն գոյութիւն չունէր, կար թրքական տարածք, որ յանձնուած էր Դաշնակիցներուն, եւ կար անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն, հետեւաբար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններ` տնտեսական կամ այլ բնոյթի, այդ ժամանակաշրջանին չկային: Այդ պատերազմական վիճակին մէջ բնականաբար յարաբերութիւն չկար, նոյնն էր պարագան նաեւ յետպատերազմեան շրջանին, երբ Դաշնակից ուժերը Թուրքիա թափանցած էին: Անկէ ետք ծնունդ առաւ ազգայնական շարժումը, որ սկսաւ ծաւալիլ, եւ որուն նեցուկ դարձաւ Խորհրդային Միութիւնը` համայնավարները, որ յաջողեցաւ գրաւել Հայաստանի մէկ կարեւոր մասը, այն տարածքները, որոնք Հայաստան վերստացած էր Մոտրոսի զինադադարին իբրեւ արդիւնք, այսինքն վերականգնած ըլլալով այն սահմանը, որ 1914-ին գոյութիւն ունէր Օսմանեան պետութեան եւ Ցարական Ռուսիոյ միջեւ: Հետեւաբար այդ ժամանակաշրջանի յարաբերութիւններուն մասին եւս կարելի չէ խօսիլ: Անոր յաջորդող շրջանին, գիտենք, որ երկաթեայ վարագոյրը իջաւ, Հայաստան նաեւ որպէս խորհրդային երկրի մաս այդ վարագոյրէն ներս մնաց, հետեւաբար այդ ժամանակ որպէս Հայաստան եւ Թուրքիա յարաբերութիւն գոյութիւն չունեցաւ, կար խորհրդային երկրի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւն, տնտեսական յարաբերութիւն, գործառնութիւններ: Յարաբերութիւնը խորհրդային երկրին եւ Թրքական Հանրապետութեան միջեւ էր, իսկ անկախութեան հռչակումէն ետք սահմանները որոշ ժամանակուան համար բաց էին, սակայն Ղարաբաղեան պատերազմի ատեն, երբ հայկական ուժերը մտան Քելբաջար, Թուրքիան պայման դրաւ Հայաստանին, որ հայկական ուժերը պէտք է քաշուին Քելբաջարէն, բան մը, որ չգործադրուեցաւ, եւ այդ պատճառաբանելով Թուրքիա փակեց սահմանը:

Հ.- Վերջին տարիներուն սահմաններու բացման նիւթը դարձեալ արծարծուեցաւ 2009 թուականի Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ընթացքին, երբ աւելի լայնածիր քննարկումներ տեղի ունեցան սահմաններու բացման անմիջական հետեւանքներուն մասին: Սահմաններու բացումը տնտեսական գետնի վրայ ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել Հայաստանին:

Յ. Թ.- Ընդհանրապէս սխալ տպաւորութիւն կայ մարդոց մտքին մէջ, որ սահմաններ բանալ կը նշանակէ հայկական եւ թրքական տնտեսական նոր գործառնութեան սկիզբ դնել կամ կը նշանակէ տնտեսական բաց համակարգ ստեղծել` Հայաստանի մէջ թրքական ներթափանցումին կամ գործունէութեան համար: Սահմաններու բացումը շատ պարզ հասկացողութիւն է, դուռ մըն է, որ կը փակուի, դուռ մըն է, որ կը բացուի: Անշուշտ պաշարման իմաստ ունի, սահմաններու բացումով բոլոր փշաթելերը պիտի չվերցուին, Հայաստանէն Թուրքիա կամ հակառակը ազատ ելեւմուտք պիտի չըլլայ, մաքսային դրութիւն պիտի հաստատուի, եւ Թուրքիան իր ուզած ապրանքը պիտի չկարենայ Հայաստան տանիլ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր Հայաստանի գլխաւոր տնտեսական գործառնութիւններուն մէջ Թուրքիան մեծ դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ Հայաստան արտադրող երկիր չէ, Հայաստանի մէջ այսօր չենք տեսներ փոքր արտադրամասեր, որոնք սպառման անհրաժեշտ ապրանքներ, օրինակ հագուստ, կօշիկ կ’արտադրեն, նման բաներ այսօր ընդհանրապէս Թուրքիայէն կը ներածուին: Հիմնական հարցը հոս է: Հարցը ոչ թէ բաց սահմանի կամ փակ սահմանի հարց է, այլ Հայաստանի արտադրութիւն չունենալուն: Այսօրուան տնտեսական դասաւորումներուն չյարմարելուն եւ հինէն ժառանգուած վարժութիւններու վրայ տակաւին յամենալուն մէջ է հարցը, եւ ոչ թէ թրքական արտադրութեան կամ սահմաններու բացման հետ կապուած է: Հարցը կապուած է Հայաստանի տնտեսական գործի տրամաբանութեան հետ: Այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ փոքր եւ միջին տարողութեամբ արտադրութիւնները, աշխատանքի միջոցներն են, որոնք երկրի համախառն ներքին արտադրութեան մեծագոյն մասը կը կազմեն: Հետեւաբար այս տրամաբանութեամբ է, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական համակարգ պէտք է հաստատուի եւ այդ մէկն է, որ կը բացակայի, իսկ իբրեւ հետեւանք, ամէն ինչ կը ներածուի: Իսկ ներածումները Փարիզէն պիտի չըլլան բնականաբար, որովհետեւ կայ գինի հարցը, Հայաստանի ընկերային մակարդակը, համախառն արտադրութեան չափը, իւրաքանչիւր անձի եկամուտը այնքան քիչ է, որ աժան շուկայէ պիտի կատարուին ներածումները: Երբ այդ աժան շուկան կայ դրացի երկրի մէջ, մարդիկ շրջանցելով գոց սահմանը Վրաստանի վրայով է, որ այդ գործառնութիւնը կը կատարեն, իսկ Վրաստանի վրայով ներածումներուն համար Հայաստանի ժողովուրդը բարձր գին կը վճարէ: Ասոր համար է, որ Դաշնակցութիւնը այդ արձանագրութիւններուն ատեն հարցը քաղաքական մերժումի վերածեց, եւ ոչ թէ սահմաններու հարցին կապեց: Քաղաքական պարունակն էր, որ մերժեց, առանց պայմաններու սահմանները բանալու գծով հարց չբարձրացուց:

Հ.- Այս գծով գործնական դժուարութիւններ կա՞ն արդեօք, այսինքն` եթէ երեւակայենք, որ սահմանի բացում պիտի ըլլայ կա՞ն արդեօք տուրքի, մաքսային կարգի, ոստիկանութեան, այլ տեսակի դժուարութիւններ:

Յ. Թ.- Հայաստանի պարագային սահման բանալը դժուարութիւն չունի, անիկա նման է այլ սահմանակից երկիրներու սահմանին, անշուշտ թշնամութիւնը մէկ կողմ դնելով: Այդ սահմանին վրայ կը նշանակուի սահմանային կէտ, ուր կ’ունենանք մաքսային վարչութիւն, կ’ունենանք ապահովական տնօրինում, եւ այն բոլոր պայմանները, որոնք այլ սահմաններուն պարագային գոյութիւն ունին: Այս մէկը դժուարութիւն չի ստեղծեր, եւ Հայաստանը մինչեւ այսօր երբեք չէ մերժած սահմաններ բանալ, որովհետեւ Հայաստանը չէ, որ սահմանները փակեց, այլ Թուրքիան է, որ իբրեւ քաղաքական ճնշումի միջոց սահմանները փակեց եւ կը յամենայ իր այդ դիրքորոշումին վրայ:

Հ.- Ի՞նչ են քաղաքական դրդապատճառները, որոնք մղած են Թուրքիան այսպիսի քայլ մը առնելու:

Յ. Թ.- Քիչ առաջ արագ ակնարկով մը նշեցի, թէ Թուրքիան գիտակցեցաւ, որ Հայաստանի ամէնէն կարեւոր, ամէնէն կենսական հարցը հաղորդակցութիւններու հարցն է, մանաւանդ որ դէպի արեւելք այդ կարելիութիւնը փակ է, դէպի հարաւ Իրանի առնչուած դժուարութիւններ կան, որովհետեւ վերջինը հարցեր ունի միջազգային ընտանիքին հետ, հետեւաբար կը մնայ երկու կարելիութիւն: Մէկը` Վրաստանի վրայով, միւսը Թուրքիոյ վրայով: Վրաստանի պարագան երկար ատեն անկարելիութիւն կար, եւ այս արձանագրութիւններու ստորագրութեան ատեն Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ծագեցաւ պատերազմ մը, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանը շրջափակման ենթարկուեցաւ: Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւններուն համար մնայուն մտատանջութիւն է գտնել ձեւեր, որպէսզի կարելի ըլլայ որեւէ սահմանի փակման պարագային ելքի կարելիութիւն մը պահել, եւ որովհետեւ իրականութեան մէջ Վրաստանի մէջ պետութիւն չկար, որ ամէն ինչ օրինական կարգով դրուի, հոն կային ազգայնական յաւակնութիւններ, որոնք իբրեւ ճնշման միջոց կը ծառայեցնէին Ջաւախքի հայութիւնը, որպէսզի Հայաստանի թելադրեն քաղաքական որոշ պայմաններ: Այս բոլորը կը սահմանափակէին Հայաստանի խուսանաւումի կարելիութիւնը: Այս բոլորին լոյսին տակ իշխանութիւնները մտածեցին, որ այլընտրանքային սահմանը կը մնայ Թուրքիան, որուն` եւրոպական ճնշումով (նկատի ունենալով, որ ան կը ձգտի Եւրոպական միութեան մաս կազմել), կարելի է պարտադրել որ սահմանները բանայ, բայց որովհետեւ Հայաստան քաղաքական իմաստով տկար գործօն էր, այդ բանակցութիւնները առաջնորդեցին արձանագրութիւններու, որոնք Հայաստանի համար բացարձակապէս վտանգաւոր էին, որովհետեւ եթէ Հայաստան այսօր ընդունի արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած պայմանները` ըլլայ սահմաններուն, ըլլայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը պատմական քննութեան ենթարկելու վերաբերեալ, կը նշանակէ, թէ ցարդ ձեռք ձգուած բոլոր նուաճումները վտանգուած կրնան ըլլալ: Բարեբախտաբար Դաշնակցութիւնը վիճարկեց այդ արձանագրութիւնները եւ դիմեց սահմանադրական դատարանին, որուն պատասխանով սահմաններու հարցին եւ Ցեղասպանութեան գծով արձանագրուածը գրեթէ մեռեալ տարր դարձաւ: Անշուշտ այս մէկը չի լուծեր հարցը, պէտք է Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարին այդ արձանագրութիւններէն, որպէսզի այդ լուծը, այդ բեռը Հայաստանի վրայէն կարելի ըլլայ ընդմիշտ թօթափել:

Հ.- Խօսինք ներկայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տնտեսական ու առեւտրական կարգավիճակին մասին: Ի՞նչ ճամբով է, որ տեղի կ’ունենայ այդ յարաբերութիւնը:

Յ. Թ.- Այսօր պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւն չկայ տնտեսական իմաստով, բայց անձերու ճամբով յարաբերութիւն կը մշակուի: Այսինքն օդային ճամբան բաց է, եւ Վրաստանի վրայով Հայաստանի քաղաքացին կրնայ երթալ Թուրքիա եւ գնում ընել: Հակառակն ալ ճիշդ է, բայց, որովհետեւ մենք ծախելիք չունինք դժբախտաբար, եւ որովհետեւ մենք արտադրութիւն չունենալով գնելիք ունինք, որ բաւարարենք ներքին շուկայի սպառումը, այս պարագային այս առեւտուրը մեծ չափով Թուրքիոյ օգտակար է եւ պաշտօնական տնտեսական կապ գոյութիւն չունենալով հանդերձ այսօր փաստօրէն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործառնութիւն կայ, առեւտրական գործառնութիւն կայ, որ 200 միլիոն տոլարի սահմանէն անդին է: Անշուշտ ասիկա Թուրքիոյ համար մեծ նշանակութիւն կրնայ չունենալ, 200 միլիոնը ոչինչ է իր 100 միլիառ արտածումներուն դիմաց, բայց 200 միլիոնին նշանակութենէն աւելի Թուրքիան բարոյական, այսինքն կապերը բնականոնացնելու ճիգ կը կատարէ, ինչ որ հայութեան համար վտանգաւոր է: Վտանգաւոր է այն իմաստով, որ Թուրքիան առանց որեւէ զիջումի, այսինքն Ցեղասպանութեան հարց չճանչնալով, ներկայ սահմաններուն վրայ հաստատուած մնալով, հայ մարդը կը ստիպէ թուրքը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնը բնական դիտելու: Բուն նիւթէն շեղելով ըսեմ, որ երկար ատեն մեր մօտ ալ յստակութեան եւ քաղաքական կեցուածքի պակաս կար ժողովրդային իմաստով, ոչ կուսակցական իմաստով, այսինքն ժողովուրդին համար Թուրքիան թշնամի է, եւ ինք հակաթուրք կեցուածք կամ պայքար ունի, սակայն ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ մենք պահանջատիրական պայքար կը մղենք, հակաթուրք կեցուածքը, ընդհանրապէս թուրքերուն դէմ ըլլալը կը մղէ բոլոր թուրքերը նաեւ մեզի դէմ ըլլալու: Մեր առաջադրանքը այդ չէ, քաղաքական գործը կ’ենթադրէ, որ ստեղծենք գործի դաշտ, հնարաւորութիւն, որպէսզի մենք հաղորդակցինք թուրք մարդոց հետ, ստիպենք, համոզենք, որ մեր տեսակէտի ճշմարտացիութեան հաստատումով հանդէս գան, փոխուի հանրային կարծիքին մօտ առկայ այն թիւր տպաւորութիւնը, որ ամբողջ 70-ամեակ մը դասաւանդուած է թուրքերուն` ըսելու, որ հայերը մեզի դէմ ելան, ապա հեռացան երկրէն, երբ պարտուեցան. այս բոլորը անշուշտ առանց ընդունելու, որ իրենք ցեղասպանութիւն գործեցին, ընդհանուր աքսոր որոշեցին եւ հայ մարդոց իրաւունքը խլեցին իրմէ: Ուրեմն այս տեսակ կապի հաստատումը անհրաժեշտ է, որպէսզի այս բոլոր պատգամները տեղ հասնին, հոն նաեւ կազմուի հանրային կարծիք: Անհրաժեշտ է նաեւ, որովհետեւ հոն գոյութիւն ունին մեծ թիւով հայեր, որոնք թաքուն կամ իսլամացած հայեր են, որոնց հետ հաղորդակցիլը կարեւոր է, որպէսզի անոնք գործօնի վերածուին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայքարը քաղաքական պայքար ըլլալով` մենք յաւելեալ գործօններու կարիք ունինք ընդհանրապէս եւ այդ գործօնները կայացնելու, հաստատելու համար մենք չենք կրնար հակաթուրք արտայայտութիւն ունենալ: Պահանջատէրի արտայայտութիւն պէտք է ունենանք ըսելու համար, որ անլոյծ հարցերը պէտք է լուծենք, իսկ այս գործընթացը կը սկսի Ցեղասպանութեան ճանաչումով, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պատրաստակամութեամբ եւ ատոր իբրեւ արդիւնք` հատուցումով, հայրենիքի վերադարձով եւ այլն: Ուրեմն հարցերը պէտք է, որ ճիշդ հունին մէջ դնենք, որպէսզի նաեւ Հայաստանի մեր ժողովուրդին մօտ յստակ ըլլայ այս մօտեցումը: Պէտք է, որ քաղաքական գործին համար պահանջատէրի դիրքորոշում ունենանք եւ այսօր արդէն այդ հոլովոյթը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ յստակօրէն դրսեւորուած է` յայտարարած ենք, որ մենք կ’անցնինք պահանջատիրութեան հանգրուանին, երբ յստակօրէն պիտի խօսինք թուրքերուն հետ եւ յստակօրէն առաջադրենք մեր պահանջները:

(Շար. 1)