فيديو| الأرمن يطالبون تركيا بتعويضات جراء الإبادة الجماعية

قالت فيرا يعقوبيان، المديرة التنفيذية للهيئة الوطنية الأرمنية في الشرق الأوسط، اليوم الإثنين، إن الأرمن في العالم يحيون الذكرى الثانية بعد المائة للإبادة الجماعية الأرمنية، لافتة إلى أن الأرمن كانوا يطالبون الدول بالاعتراف بالإبادة الجماعية لهم، والضغط على تركيا للاعتراف بذلك الأمر، موضحة أنه في الوقت الراهن، الذي يمثل منعطفا تاريخيا هو مطالب الأرمن بتحصيل حقوقهم السياسية، بما يعني تعويض تركيا للارمن لحقوقهم البشرية والمادية.


وأضافت يعقوبيان، خلال حوارها عبر النشرة الإخبارية على شاشة «الغد»، تقديم الإعلامية منى بلهيم، أن هناك العديد من الملفات والنشاطات التي يتم إعدادها من قبل الجاليات الأرمنية في العالم لمطالبة تركيا بتعويضات كل ما خسره الأرمن خلال فترة الحرب العالمية الأولى أو الإبادة الجماعية التي تعرضوا لها.

ولفتت إلى أن هناك ضغوطا كبيرة على تركيا من قبل الجاليات الأرمنية في الدول التي تتواجد فيها كما حدث في أوروبا وأمريكا، وبعض الدول العربية، مشددة على أن الداخل التركي تغير كثيرا في السنوات الأخيرة، وهناك مطالب لتركيا بالتخلي عن هذا العبأ التاريخي، والمصالحة مع ماضيها، ومن ثم الوصول إلى تسوية تركية أرمنية بخصوص المطالب الأرمنية.

وأوضحت يعقوبيان، أن ما حدث للأرمن عملية قتل ممنهجة في فترة الحرب العالمية الأولى، وتم التخطيط لها من قبلها، وكان الهدف منها التخلص من العنصر غير التركي داخل الأناضول، إذا كانت شعوب مسيحية أو غير مسيحية، وهو ما سعت إليه تركيا ونجحت فيه، موضحة أن الأرمن لهم حقوق مسلوبة منذ قرن من الزمن، بما فيها الأقارب والممتلكات، وهي مطالب منوط بتركيا بتنفيذها للتصالح مع الشعب الأرمني.

alghad.tv

الجيل الأرمني الرابع في لبنان يستذكر الإبادة الأرمنية

aljadeed.tv

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայ Ժողովուրդին» Ընդգծեց Վերա Եագուպեան

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Էմ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Ալղատ» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը` բոլոր երկիրներէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` ընդունելու համար իր գործած Ցեղասպանութիւնը:

Ան շեշտեց, որ պատմական այս անկիւնադարձային փուլին ընթացքին հայութիւնը կը պահանջէ իր քաղաքական իրաւունքներուն վերատիրացումը, այսինքն` Թուրքիայէն կը պահանջէ հողային եւ նիւթական հատուցում:

Ան անդրադարձաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի տարածքին ընթացող Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` լուսարձակի տակ առնելով հայութեան պահանջատիրական երթը:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ հայկական գաղութները իրենց պահանջները ներկայացնելու իմաստով թղթածրարները պատրաստելու ընթացքին մէջ են` աւելցնելով, որ այդ պահանջները պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ` Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին կորսուած կալուածները հատուցելու նպատակով:

Ան նշեց, որ այս իմաստով Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու հայկական գաղութները հսկայական ճնշումներ կը բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը եւս վերջին ժամանակաշրջանին փոփոխութիւններ կ՛ապրի: Վերջին տարիներուն արձանագրուած են ներքին թրքական պահանջներ` ձերբազատելու պատմական այդ բեռէն, հաշտուելու անցեալին հետ, եւ ապա հայկական պահանջներուն վերաբերեալ գոյացնելու հայ-թրքական համաձայնութիւն:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայութեան դէմ պատահածը կանխամտածուած Ցեղասպանութիւն էր, որուն նպատակն էր Անատոլուի մէջ գտնուող ոչ թրքական տարրերը բնաջնջել` ըլլան անոնք քրիստոնեաներ կամ ոչ քրիստոնեաներ:

«Հայ ժողովուրդը դարէ մը ի վեր մեծ պահանջներ ունի Թուրքիայէն` կալուածներու, նիւթական թէ բարոյական իրաւունքներու վերատիրացման առումով, եւ ասիկա պէտք է կատարուի Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի ան կարենայ հաշտուիլ հայ ժողովուրդին հետ», նշեց ան:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ ապրիլ 24-ը օր մըն է ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, «որովհետեւ հայը չի մոռնար Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի 24 ապրիլին յիշէ զայն: Ցեղասպանութիւնը ուղղակի մեր առօրեային առնչուած է դպրոցին մէջ, եկեղեցւոյ մէջ, տան մէջ եւ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի հաւաքական յիշողութեամբ` վերատիրանալու համար մեր արդար իրաւունքներուն», եզրափակեց ան: