Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակը
29 Մայիս 2019-ին, միջօրէի ժամը 12։00-ին, Գանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի շէնքին մուտքին ծածանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 101-ամեակի յիշատակման արարողութիւն, որուն ներկայ էին Գանատայի Բնապահպանութեան նախարար Ռոտ Ֆիլիփս, խորհրդարանի փոխ նախագահ Ռիգ