Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբի հանդիպումներն ու սատարող թեկնածուներու ցանկը

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ, անցնող օրերուն ընթացքին, շարունակուեցան հանդիպումները յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ, ի տես այս Կիրակի 25 Յունուարին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: