Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու ժողովրդային զեկուցահաւաք

Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու ժողովրդային զեկուցահաւաք, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Քեպէգի յանձնախումբին: Օրուան զրուցավարն էր Հայ Դատի

Հայ Դատի յանձնախումբը պատուեց Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ի պատիւ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի,

Հայ Դատի յանձնախումբը Պրիթիշ Գոլոմպիոյ վարչապետին եւ գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ արծարծեց Արցախի շրջափակման հարցը

Ապրիլ 8-ին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեանը, Սեւան Յակոբեանը, Ճէք Յակոբեանը, Վաննեսա Պարտաքճեանը եւ Վահէ Յակոբեանը մասնակցեցան Վանգուվըրի S.U.C.C.E.S.S. բարեսիրական հիմնարկի 50-ամեակի հանդիսութեան: Գանատական բարեսիրական կազմակերպութեան յոբելենական հանդիսութեան