Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած նուիրահաւաքներէն գոյացաւ 350 հազար տոլար

Աւելի քան 7 տասնամեակէ ի վեր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակները եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ուղղուած քայլերը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը եւ գանատահայ գաղթօճախներու յանձանձումը։