Գանատայի Զբօսաշրջութեան նախարար Պարտիշ Չակըր այցելեց Գէմպրիճի Հայ Կեդրոն

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ, Սեպտեմբեր 12) Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի կազմակերպած ամենամեայ Խաչվերացի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած փառատօնին առիթով, Սեպտեմբեր 9-ին Գէմպրիճի Հայ Կեդրոն այցելեց Գանատայի Զբօսաշրջութեան նախարար եւ խորհրդարանի կառավարութեան ղեկավար Պարտիշ Չակըր։ Նախարարուհիին դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան, Խաժակ Արք. Յակոբեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ։ Նախարարուհին բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքի բերած դրական ներդրումը Գանատայի ընկերային֊հասարակական կեանքէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց փառատօնին։