ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարի վարիչները Երեւանի մէջ

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Յուլիս 13-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանաձորի ճամբարի վարիչներու խումբը այցելեց Երեւանի ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոն ուր հանդիպեցան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդականի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՅԴ Վանաձորի Պատանեկան Միութիւնը աշխուժացնելու հարցը։ Նոյն օրը հանդիպում կայացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու ընկեր Կիրոյ Մանոյեանի հետ։

ԳԵՄ-ի վարիչները վաղը կը մեկնին Արցախ, ուր պիտի այցելենք ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ընկերներուն կազմակերպած ճամբարը։

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան այս տարուայ վարիչներու խումբին մաս կը ՚կազմեն Գանատայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամէրիկայէն, Երուսաղեմէն եւ Էգիպտոսէն վարիչներ։ Աւելի քան 400 վանաձորցի երեխայ հիւրընկալող ԳԵՄ-ի Ճամբարը կը սկսի Յուլիս 18-ին, որուն գործունէութեան շուտով կ՚անդրադաղնանք։