Հ.Յ.Դ.-ն կապերը կ՚ամրապնդէ Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարականներուն եւ ժողովրդավարներու խմբակին հետ

Յուլիս 6-ին, Եւրոխորհրդարանի Սթրազպուրկի շէնքին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարականներուն եւ Ժողովրդավարներու խմբակցութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքուեցաւ։ Համաձայնագիրը ստորագրեցին եւրոպական նշեալ խմբակցութեան նախագահ Ճիաննի Փիթելլա եւ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամյան։

Համաձայնագիրը, հաստատելէ ետք այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կողմերը որոշած են համագործակցիլ, կը թուէ համագործակցութեան նպատակով առնուելիք քայլերը։

Համաձայնութեան կնքումէն անմիջապէս ետք, Ճիաննի Փիթելլա յայտարարեց. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ համագործակցութեան այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը կը յստակացնէ, թէ Ընկերվարականներուն եւ Ժողովրդավարներու խմբակը լրջութեամբ կը մօտենան Եւրոմիութեան դրացի երկիրներէն ներս գործող քաղաքական քոյր կուսակցութեան հետ սերտ կապեր հաստատելու արշաւին։ Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս համաձայնութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերջերս իբրեւ դէտ մաս կազմած է Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան, պիտի զօրացնէ մեր դիրքը, յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն ընթացքին։ Սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ մենք այս միջոցաւ պիտի կարենանք նպաստել Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավար ընտանիքը հզօրացնելու ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ազգայնամոլութեան, ծայրայեղականութեան, ժողովրդականութեան եւ այլ մղումներու, որոնք կը տկարացնեն ժողովրդավարական կարգերը։ Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի ձեր նշանաբանին խնդրեմ միացուցէք նաեւ յառաջդիմականը»։

Նման յայտարարութիւն մը կատարեց նաեւ Ընկերվարականներուն եւ Ժողովրդավարներու խմբակին փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Քնութ Ֆլեքընշթայն, շեշտելով յատկապէս Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան եւ խտրականութեանց դէմ պայքարին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս հիմա, երբ անիկա մաս կը կազմէ կառավարութեան։

ՀՀ Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյան հաստատեց համաձայնագրի կարեւորութիւնը, մէկ կողմէ որպէս փորձառութեան փոխանակման միջոց եւ միւս կողմէ՝ որպէս եւրոպական եւ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ճամբով հայ-եւրոպական յարաբերութիւններու սերտացման հնարաւորութիւն։

Ստորագրութեան ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի աշխատակից Հեղինե Էվինյան։

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ