ՀՅԴ եւ Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեանի եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն Վահրամ Էմմիեանի եւ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Մարթին Հութի հետ:

Յ. Բագրատունի ՀՅԴ-ի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով գնահատեց Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրման քայլը` զայն նկատելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակ մը:

Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ այլ երկիրներու խորհրդարաններ եւս հետեւին Պունտեսթակի օրինակին եւ կը ճանչնան անհերքելի պատմական փաստը: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման` այդպիսով նպաստելով շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման:

Գերմանիոյ դեսպանը իր կարգին ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման թայմինկին կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը: Ան ըսաւ, որ այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, երբ գաղթականներու ճգնաժամի լուծման համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խիստ կարեւոր են, Պունտեսթակը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ այդ հարցին մէջ Գերմանիոյ ունեցած դերակատարութիւնը մատնանշող բանաձեւը` այդպիսով ընդգծելով պատմութեան հետ առերեսուելու կարեւորութիւնն ու անխուսափելիութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին դեսպան Հիւթ յայտնեց, թէ գոհ է, որ այսպիսի պատմական պահու մը ընթացքին կը վարէ հայահոծ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի պաշտօնը եւ լիբանանահայութեան գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտող բազմաթիւ նամակներն ու դրուատական կեցուածքներուն մասին զեկուցումները կը փոխանցէ Պերլին:

بقرادونيان أشاد بقرار مجلس النواب الالماني بالاعتراف بالابادة الارمنية
الأربعاء 08 حزيران 2016 آخر تحديث 14:12

أشار الامين العام لحزب “الطاشناق” النائب هاغوب بقرادونيان بـ”قرار مجلس النواب الالماني بالاعتراف بالابادة الارمنية”، معتبراً ذلك “انتصاراً للحق والعدالة”، معرباً عن امله في “ان تمتثل برلمانات دول اخرى بمجلس النواب الالماني”، مدركين انه “لا يمكن انكار الحقائق التاريخية”.
واشار خلال زيارته على رأس وفد من اللجنة المركزية للحزب ولجنة الدفاع عن القضية الارمنية السفارة الالمانية والسفير الالماني مارتن هوث، إلى أن “اعتراف تركيا بالإبادة الأرمنية سيساهم إلى حد كبير في تطبيع العلاقات الأرمنية-التركية، وتسوية نزاع كاراباغ، مما يضمن المساهمة لتعزيز السلام والاستقرار في المنطقة”.
بدوره، شدد السفير الالماني على “أهمية توقيت اعتماد هذا القرار”، مفيداً ان “اعتراف مجلس النواب الالماني بالابادة الارمنية اتى في مرحلة دقيقة جداً في العلاقات الالمانية-التركية، حين تبذل المانيا جهوداً كبيرة لإجاد حل لأزمة اللاجئين بالتنسيق مع تركيا”.
ولفت إلى أن “هذا الامر يؤكد على قناعة مجلس النواب الالماني بصوابية مواقفه في هذا الموضوع”، معربا عن امتنانه بـ”وجوده كسفير المانيا في لبنان في هذه المرحلة التاريخية وأعرب عن انه سينقل جميع الرسائل والمواقف الايجابية الى حكومته”.

elnashra.com