Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թիւնը «­Պա­տե­րազմ եւ խա­ղա­ղու­թիւն՝ մո­լո­րա­կա­յին դա­րաշր­ջա­նին մէջ» խորհր­դա­ժո­ղո­վին

Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լեան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց բա­ժան­մուն­քի եւ Է­գէա­կա­նի հա­մալ­սա­րա­նի ­Մի­ջերկ­րա­կան-­Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի ու ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ան­ցեալ ­Հինգ­շաբ­թի 2 եւ Ուր­բաթ 3 ­Յու­նի­սին, Ա­թէն­քի ­Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ, եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղով մը կա­յա­ցաւ՝ «­Պա­տե­րազմ եւ խա­ղա­ղու­թիւն՝ մո­լո­րա­կա­յին դա­րաշր­ջա­նին մէջ» խո­րագ­րով։

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Փա­նաեո­թիս ­Քու­րուպ­լիս եւ հել­լէն ­զի­նո­ւած ու­ժե­րու պե­տը, եւ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խան Ա­տո­նիս Եոր­ղիա­տիս եւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

­Յա­տուկ հրա­ւէ­րով ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի նպա­տակն էր տե­սա­կան, փոր­ձա­ռա­կան եւ յա­տուկ դէպ­քե­րու ընդ­մէ­ջէն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ի յայտ բե­րո­ւե­ցաւ պա­տե­րազ­մի կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին բռնու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ազ­դակ­նե­րուն վրայ։

­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լեան գի­տու­թեանց բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար, փրոֆ. Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տիս, խօ­սե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գի մա­կար­դա­կով կանխ­ման եւ ճգնա­ժա­մե­րու կա­ռա­վար­ման գլուխ­նե­րուն վրայ յա­ռա­ջա­ցած հար­ցե­րու մա­սին։ Փ­րո­ֆեսոր, ինչ­պէս եւ խօ­սող­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձան դրա­ցի պե­տու­թիւն ­Թուր­քիոյ հետ դժո­ւար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Այլ թե­մա­նե­րու շարքին շօ­շա­փո­ւե­ցան պա­տե­րազմ­նե­րու պատ­մա­կան ե­րես­ներն ու ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ըն­կե­րա­յին հե­տե­ւանք­նե­րը, բռնու­թեան վե­րար­տադ­րու­թեան հո­լո­վոյ­թը, հո­գե­բա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը, դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րը, ինչ­պէս եւ ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը եւ գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցը ու ա­նոնց հե­ռան­կար­նե­րը։