ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն մը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ, Յունիս 1) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան երկուշաբթի, 30 մայիս 2016-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան երկրորդ քարտուղար ժան Քրիսթոֆ Օժէ, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի դեսպանին ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի իրադարձութիւնները, ազրպէյճանական բանակին գործած պատերազմական ոճիրները, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ վերջին զարգացումները:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ անդրադարձաւ 16 մայիսին Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան` նշելով, որ կարեւորը համաձայնութեան գոյացումը չէ, այլ` անոր գործադրումը: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Ազրպէյճանի խօսքն ու ստորագրութիւնը կը նկատէ անարժէք եւ անոնց չի վստահիր` նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան 1994-էն ի վեր կը խախտէ այդ թուականի մայիսին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն հետ իր ստորագրած զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ ատոր զուգահեռ շարունակ կը յայտարարէ այդ համաձայնութեան եւ տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին յայտնեց, որ Վիեննայի համաձայնութեան յաջողութեան բանալին ո՛չ միայն անոր գործադրութեան մէջ է, այլ մանաւանդ` Ազրպէյճանի կողմէ անոր գործադրութեան արգելակումը յստակօրէն դատապարտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն կամքին: Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ Վիեննայի համաձայնութեամբ վերադարձած ենք զերօ կէտ եւ առանց համանախագահող երկիրներու եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդ կամքի յստակ դրսեւորման` Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլեան յարձակումին նման մագլցողական քայլերու կրկնութիւնը կը դառնայ անխուսափելի: Պատուիրակութիւնը նշեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ մինչեւ օրս հնչող, նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնող, ընդհանրական յայտարարութիւնները անօգուտ են ու չեն նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման, որովհետեւ նախայարձակ Ազրպէյճանի կողմէ կ՛ընկալուին իբրեւ յաւելեալ մագլցողական քայլերու դիմելու քարթ պլանշ:

Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին` Ֆրանսայի դեսպանը յայտնեց, որ պատուիրակութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պիտի փոխանցէ իր կառավարութեան:

وفد من الطاشناق زار بون وبحث التطورات حول هجوم أذربيجان

زار وفد من اللجنة المركزية لحزب “الطاشناق” ولجنة الدفاع عن القضية الارمنية، السفارة الفرنسية والتقى السفير الفرنسي ايمانويل بون.
ونقل الوفد الى بون التطورات الاخيرة التي حصلت في شهر نيسان في جمهورية كاراباغ، إثر هجوم أذربيجان وخرقها لاتفاق العام 1994. وتطرق الوفد الى الاتفاق الذي تم التوصل اليه في فيننا مؤخراً بين الرئيسين الارمني والاذربيجاني، مشيراً الى ان الاهمية ليست في ابرام الاتفاقيات بل في تطبيقها. واعتبر الوفد ان توقيع هذه الاتفاقية من قبل أذربيجان ووعودها المكررة بحسن تطبيق احكامها لا قيمة لها، إذ انها تخرق وقف إطلاق النار منذ العام 1994 باستمرار.
وأعرب الوفد لبون ان ضمانة نجاح هذه الاتفاقية تكمن في الاستعداد الحقيقي لمجموعة مينسك لممارسة الضغوط لتركيب أجهزة مراقبة الحدود بالسرعة اللازمة، وتنديد أذربيجان عند قيامها بأي خرق جديد للهدنة، مؤكداً قناعته بأن هذا الاتفاق يعيد الوضع الى نقطة الصفر، أي كما كان في العام 1994، وحذر أن في ظل غياب استعداد مجموعة مينسك للقيام بدوره، فتكرار هجوم نيسان من قبل أذربيجان سوف يكون حتمياً.
بدوره ابدى السفير الفرنسي تفهماً لقلق الوفد، مبدياً استعداده لنقل الافكار التي تم تداولها ومضمون هذه الزيارة الى حكومته فوراً.

elnashra.com