Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ բազմահազար ժողովուրդ յարգեց հայ եւ պոնտացի ժողովուրդներու զոհերու յիշատակը
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Շաբաթ՝ 22 Մայիս 2016ի երեկոյեան, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Աթէնքի Աքրոբոլիսի ստորոտը գտնուող Ողիմպոսեան Զէուսի տպաւորիչ տաճարի շրջակայքին մէջ, հազարաւոր յոյներ եւ հայեր միասնաբար ոգեկոչեցին Հայոց եւ Պոնտական Ցեղասպանուիւնները՝ ելոյթով մը, որ թէ՛ իր կազմակերպութեամբ, թէ՛ յայտագրով տպաւորեց ներկաները եւ լայն արձագանգ ունեցաւ լրատուական միջոցներէն։
Ելոյթի կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ ստանձնած էր Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ կը վայելէր անմիջական հովանաւորութիւնը նախարար Փանոս Քամենոսի։ Ամիսներ առաջ սկսած նախապատրաստական աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, որ յայտագրի կազմութեան համար գործակցութիւն ունեցաւ նախարարութեան զինուորական եւ քաղաքական պաշտօնէութեան հետ։
Բացի պաշտպանութեան նախարարէն, ելոյթին ներկայ եղան յունական կառավարութեան նախարարներ եւ փոխ-նախարարներ, յունաց սպայակոյտի երեք պետերը եւ հարիւրաւոր բարձրաստիճան զինուորականներ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, յունական հանրային կեանքի անձնաւորութիւններ, պոնտական միութեանց անդամներ եւ վարչականներ, լրագրողներ եւ հազարաւոր ժողովուրդ, որ անտեսեցին օդի աննպաստ վիճակը եւ եկան յարգելու հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմութիւնն ու զոհերու յիշատակը։
Հայկական կողմէ ներկայ եղան Հ.Հ. խորհրդարանի փոխ-նախագահ Էտուարտ Շարմազանով, Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Յունահայոց Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, կրօնական դասը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հ.Կ. Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Ելոյթի սկիզբին, Յունաստանի զինուած օդուժի նուագախումբը դիմաւորեց ներկաները՝ նուագելով ծանօթ ոգերգներ։ Յուզիչ էր պահը բոլորին համար, երբ հնչեցին «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Կիլիկիա» երգերը։
Ելոյթի հանդիսավարը հեռատեսիլի ծանօթ անձնաւորութիւն Ալեքսիս Գոսթալասն էր, որուն արտայայտութիւնները յատուկ փայլ տուին հանդիսութեան պարունակութեան։
Խօսք առաւ նախարար Փանոս Քամենոս, որ բազմահազար ժողովուրդին առջեւ ուղիղ կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց եւ Պոնտական Ցեղասպանութիւնները։ Նախարարը յայտնեց, թէ մինչեւ այսօր Թուրքիան կը շարունակէ ուրանալ իր անցեալը՝ խոչընդոտելով նաեւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղ գոյակցութեան պայմանները ու միջամուխ ըլլալով Միջին Արեւելքի պատերազմին մէջ։
Խօսք առաւ նաեւ Հարաւային Յունաստանի Պոնտական Դաշնութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս, որ իր կարգին դատապարտեց երկու ժողովուրդներու կրած տառապանքը։ Վերջին խօսողը եղաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որ ողջունելով ելոյթը՝ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ ոճրագործ անցեալը առիթ տուաւ իր ցեղակից Ատրպէյճանին անգամ մը եւս յարձակելու Արցախի վրայ, ջարդելով գիւղերու բնակիչներ եւ անմեղ պատանիներ։ Հակառակ Ատրպէյճանի հսկայածաւալ յարձակման, հայկական ուժերը դիմադրեցին եւ ետ շպրտեցին թշնամին։ Ան յատուկ կերպով շեշտեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը 1996ին, ինչպէս նաեւ Ցեղասսպանութեանց ժխտման քրէականացման օրէնքի կիրարկումը վերջին տարիներու ընթացքին։
Յաջորդաբար, ձեռամբ նախարարի եւ սպայակոյտի պետերուն՝ եղան պարգեւատրումներ պոնտացի անձնաւորութիւններու, որոնք նշանակալից ներդրում ունեցած են Յունաստանի հանրային եւ հասարարական կեանքին մէջ։ Պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Էտուարտ Շարմազանով, որ խօսք առնելով դատապարտեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ։ Յունահայ գաղութը եւս պարգեւատրուեցաւ յատուկ յուշատախտակով մը, որ յաձնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչին։
Յաջորդեց տպաւորիչ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ հայկական եւ պոնտական ազգագրական ու ժողովրդային հարուստ երգացանկով եւ պարերով։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու անդամները, որոնք հայկական ժողովրդային պարերով տպաւորեցին ներկաները եւ խլեցին ջերմ ծափահարութիւններ։
Յունահայ սիրուած երգիչ եւ տաղանդաւոր արուեստագէտ Հայկ Եազըճեան եւ իր նուագախումբը հայկական երգերով հմայեցին հասարակութիւնը, հայաշխարհի անուշ մեղեդիները հնչեցնելով օրուան ելոյթի ընթացքին։ Տպաւորիչ էր հայկական նուագախումբի եւ Համազգայինի պարախումբերու միասնական ներկայացումը՝ հայկական պարերու նուագներով եւ մեր տղոց իսկապէս տպաւորիչ շարժուձեւերով։
Յոյն ծանօթ դերասաններու ասմունքներուն ներքոյ, լսուեցան յունարէն թարգմանուած հայկական բանաստեղծութիւններ, մինչ կենդանի պատկերներով Համազգայինի եւ պոնտական պարախումբերու անդամները կատարեցին երաժշտախառն ներկայացումներ։
Ելոյթի աւարտին Հայկ Եազըճեանի նուագախումբը ժողովրդային գործիքներով հնչեցուց «Մեր Հայրենիք»ը, իսկ պոնտական երգչախումբը՝ յունական ոգերգը։ Յուզումի այդ պահերով ամբողջացաւ Հայ եւ Պոնտական Ցեղասպանութեանց փառաշուք բացառիկ ոգեկոչումը։
Ելոյթի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը մօտեցաւ յունահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց իրենց մասնակցութեան եւ ելոյթի յաջողութեան համար։ Ելոյթը ամբողջութեամբ սփռուեցաւ համացանցի հեռատեսիլային կայաններէն ու պետական կայանէն, ինչպէս նաեւ լայն արձագանգ գտաւ մամլոյ մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ