Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցով հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի դեսպանին հետ

Մայիս 17-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Գրիգոր Տէր Ղազարեան Օթթաուայի Ռուսաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ալեքսանտր Տարչիէֆի հետ։

Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբը պրն. Ալեքսանտր Տարչիէֆի ուշադրութեան յանձնեց Արցախի Ապրիլեան պատերազմի գծով Ատրպէյճանական կողմի նախայարձակ ըլլալու իրողութեան շուրջ մանրամասնութիւններ։ Յաձնախումբին կողմէ պահանջուեցաւ, որ Ռուսաստան, իբրեւ համանախագահ Արցախի հարցով բանակցութիւններ համակարգող Մինսկի խմբակին՝ դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարը խախտելու ընթացքը։ Նշուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբին մօտ բաւարար փաստեր կան, որպէսզի ապացուցուի ատրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանութեան եւ բռնութեան վայրագ դէպքերը։

իր կարգին յայտնեց, թէ Մինսկի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները մօտէն կը հետեւին կացութեան եւ տենդագին աշխատանքի լծուած են իրավիճակը բնականոն իր ընթացքին վերադարձնելու ուղղութեամբ։