ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔՐԱՆՍԹԸՆ – ՐՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ

(ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) ՔՐԱՆՍԹԸՆ (Րոտ Այլընտ).- Հինգշաբթի, Ապրիլ 21-ին, Քաղաքապետարանի շէնքին մուտքին կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, կազմակերպութեամբ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Քաղաքապետ Ալըն Ֆանկ ներկայ էր այս հանդիսութեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Քրանսթընի հայութիւնը միշտ ալ տիպար եւ օրինակելի քաղաքացի եղած է:

Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ Րաֆֆի Ռշտունի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեց շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն՝ Անի Հարոյեանը: Ան ներկայացուց ներկայ իրավիճակը Արցախի շրջանէն ներս, եւ յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու նման ժողովրդավար օրէնքներու վրայ հիմնուած երկիր մը, ամէն գնով պէտք է սաստէ Ալիեւի վարչակարգը: Շրջանի երիտասարդութեան անունով խօսք առաւ Թալին Տօնոյեան:
Յուշանուէրներ փոխանցուեցան այս տարուայ Քրանսթընի տիպար հայորդիներուն՝ Ռոքսան Արզումանեանի եւ Ճոն Թաքեանի, յաջորդաբար շրջանի ընդհանուր դատախազ Փիթըր Քիլմարտինի եւ Ծերակուտական Հաննա Կալորի կողմէ:
Աւարտին կատարուեցաւ աղօթք, շրջանի հովիւ՝ Կոմիտաս Պաղսարեանի կողմէ եւ հաւաքաբար երգուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ը: