Իր Ձեռնարկած Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

(ԱԶԴԱԿ) ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան, երէկ [11 Ապրիլ] կէսօրէ առաջ այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի հետ:

Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ վերջին զարգացումները` իր մտահոգութիւնը յայտնելով 1994-ին Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած եռակողմ զինադադարի ազրպէյճանական կողմէ յարատեւ խախտումներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ այդ խախտումներուն վերաբերեալ ընդհանրական յայտարարութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ Մինսքի խմբակը այդ յայտարարութիւններուն մէջ անարդարօրէն յանցաւոր կը նկատէ թէ՛ յանցագործը, թէ՛ ալ անոր զոհը:

Պատուիրակութիւնը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունած է սեպտեմբեր 2015-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած զինադադարի դրութեան ամրապնդման մեքանիզմները, որովհետեւ թաքցնելիք ոչինչ ունի, իսկ Ազրպէյճանը` ոչ: Պատուիրակութիւնը կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի նախագահող Գերմանիոյ կողմէ ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս հետեւի Հայաստանի օրինակին եւ ընդունի Մինսքի խմբակի այդ առաջարկը, որ պիտի ամրապնդէ զինադուլը եւ խթանէ հարցի խաղաղ բանակցութեան ճամբով լուծումը: Պատուիրակութիւնը նաեւ աւելցուց, որ վերջին զարգացումները յստակ կը դարձնեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չի կրնար մաս կազմել երկրի մը, որուն նպատակը իր բնաջնջումն է:

Գերմանիոյ դեսպանը նշեց, որ իր երկիրը մեծ մտահոգութիւն կը յայտնէ շփման գիծին վրայ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ. մտահոգութիւն մը, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յստակ կերպով արտայայտած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պերլին այցելութեան ընթացքին:

Դեսպան Հութ յայտնեց, որ ներկայիս կարեւորագոյն հարցերը զինադուլի պահպանումն ու արձանագրուած վերջին զարգացումներուն կրկնութեան կանխարգիլումն են` աւելցնելով, որ հարցը զինուորական լուծում չունի եւ պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութեան ճամբով:

Հանդիպումի աւարտին Գերմանիոյ դեսպանը յայտնեց, որ իր կառավարութեան պիտի փոխանցէ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան կողմէ իրեն փոխանցուած նամակը, ինչպէս նաեւ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած մտքերն ու մտահոգութիւնները:


الطاشناق: على اذربيجان الالتزام بوقف اطلاق النار مثلما تفعل ارمينيا
سياسة

الإثنين 11 نيسان 2016 آخر تحديث 17:38

أعرب وفد من اللجنة المركزية لحزب الطاشناق ولجنة الدفاع عن القضية الارمنية، خلال زيارته السفارة الالمانية معرباً عن قلقه ازاء الخروقات الاذربيجانية لوقف اطلاق النار في اقليم كاراباغ.
ونقل الوفد الى السفير الالماني مارتن هوث التطورات الاخيرة في الاقليم حيث تم مناقشة صوابية مواقف مجموعة مينسك لهذه الخروقات وعدم تمييزها بين المعتدي والمعتدى عليه، مشيراً الى ان جمهورية ارمينيا قبلت في ايلول 2015 اقتراح مجموعة مينسك بشأن الالتزام بوقف اطلاق النار اما اذربيجان فلم تلتزم به.
وثمن الوفد امكانية المانيا ممارسة الضغوط على اذربيجان عالياً كونها رئيس منظمة الامن والتعاون الاوروبي التي تضم مجموعة مينسك، معتبراً انه على اذربيجان الالتزام بوقف اطلاق النار مثلما تفعل ارمينيا .
من جهته، اعلن السفير هوث ان بلده قلقة من التطورات الاخيرة على حدود كاراباغ – اذربيجان، لافتاً إلى ان “حكومة المانيا قد عبرت عن هذا القلق بشكل واضح للرئيس الارميني سيرج سركيسيان خلال زيارته الاخيرة الى برلين”.

elnashra.com