Վիեննայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ԵԱՀԿ-ի Խմբակի Կեդրոնին Առջեւ Բողոքի Հաւաք Պիտի Կայացնէ

(arevelk.am) Այսօր, 5 Ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք, Վիեննայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց տեղի պիտի ունենայ Արցախի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի յատուկ եւ արտակարգ ժողովի քննարկման ժամերուն, դատապարտելու համար վերջին օրերուն Արցախի մէջ կատարուած իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ բողոքի այս ցոյցերու հիմնական նպատակն է հայութեան ձայնը լսելի դարձնել ԵԱԿՀԻ Մինսքի Խմբակին, առ ի զօրակցութիւն Արցախին, Հայոց բանակին ու Հայ ժողովուրդի անվտանգութեան: