ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական յարձակումները‏

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանի ամբողջ երկայնքին ատրպէյճանական այսօրուան յարձակումները՝ օգտագործելով օդային զինուժ, զրահամեքենաներ եւ ծանր հրետանի: Հայկական կողմը զոհ տուաւ 18 զինուորներ, եւ ունեցաւ 35 վիրաւորներ. նաեւ, 12 տարեկան աշակերտ մը զոհուեցաւ, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:

​Ատրպէյճանը կը շարունակէ ձախողեցնել բանակցային խաղաղ գործընթացը՝ խափանելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքը: Խումբի համանախագահները սեպտեմբեր 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ կոչ ըրած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն, ընդունելու զինադադարի խախտումները հետաքննելու մեքանիզմ մը: Անոնք յայտարարած էին «առանց նման մեքանիզմի, կողմերը պիտի շարունակեն մեղադրել զիրար, թէ ո՞վ նախաձեռնող եղած է շփման գծին երկայնքին ու հայեւատրպէյճանական սահմանին մահացու յարձակումներուն. Հայաստանը համաձայնած է քննել մեքանիզմին մանրամասնութիւնները, եւ մենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին եւս ընդունելու»:

Անշուշտ, ինչպէս ընդունուած է Պաքուի կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման խաղաղ բանակցութիււններու կոչերը անտեսուեցան: Ընդհակառակը, Ատրպէյճանը 1994 թուականի զինադադարի հաստատումէն ասդին ամենածանր յարձակումներուն դիմեց:

Եթէ ​​միջազգային հանրութիււնը Ատրպէյճանին զսպուածութեան կոչ ըրած ըլլար, այսօր կեանքեր չէին կորսուեր: Պատասխանատու կառոյցները պէտք է այլեւս դադրին միայն անհանգստութիւն յայտնելէ եւ «երկու կողմերուն զսպուածութեան» կոչեր ընելէ, այլ՝ պէտք է մատնացոյց ընել Ատրպէյճանը եւ սանձել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, ըսաւ.- «Առաջին հերթին, մենք մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն, զինուորներուն եւ խաղաղ բնակչութեան, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին այսօր. վիրաւորներուն կը մաղթենք արագ ապաքինում: Մենք ուշադիր կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմաններուն վտանգաւոր զարգացումները, եւ արդէն անհրաժեշտ քայլերու դիմած ենք զօրաշարժի ենթարկելու Եւրոպայի մեր կառոյցները, իրենց երկիրներու մէջ հանդիպելու իրենց պետութեան եւ միջազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ ստիպելու Ատրպէյճանը վերադառնալու բանակցութեանց սեղան: Թուրքիան նաեւ համապատասխանատու է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումներուն համար»:

«Մենք կ’ողջունենք նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կոչը՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ պաշտպանութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ ամբողջովին կ’աջակցինք այս նախաձեռնութեան. պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կ’երաշխաւորեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները եւ ապահովութիւնը», եզրափակեց Կարապետեան: