Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայ գտնուեցաւ գանատացի երեսփոխան Էվա Նասիֆի Լաւալի գրասենեակի բացումին

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Սագօ Եագուպեան Փետրուար 20-ին ներկայ գտնուեցան Լաւալ քաղաքի Վիմի ընտրատարածքի երեսփոխան Էվա Նասսիֆի գրասենեակի բացման հանդիսութեան, որուն ընթացքին շնորհաւորեցին երեսփոխանուհիին Գանատայի վերջին դաշնակցային ընտրութիւններուն իր արձանագրած յաջողութեան առիթով։ Նշենք, որ տիկ. Նասսիֆ ծագումով լիբանանցի է։

Լուսանկար – Ձախէն՝ Սագօ Եագուպեան, Էվա Նասսիֆ, Ռուբէն Գույումճեան