Գանատայի Քեպեք Նահանգի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւններու Ուսուցումը Ներառելու Դիմում

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Քարոլին Փլանթ ”Մոնթրէալ Կազեթ”-ի մէջ կը գրէ, որ մոնթրէալեան հիմնարկ մը Չորեքշաբթի օր յայտնած է, որ քեպեքցի բազմաթիւ աշակերտներ միջնակարգ դպրոցը կ’աւարտեն առանց անցեալի կամ ներկայ ցեղասպանութիւններուն, ներառեալ Ողջակիզումին, Հայոց ցեղասպանութեան, Ռուանտական ցեղասպանութեան եւ Բնիկ ժողովուրդներու մշակութային ցեղասպանութեանց մասին գիտելիքներ եւ տեղեկութիւննեեր ունենալու։

«Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»ը (The Foundation for the Compulsory Study of Genocide in Schools) ազատական երեսփոխան Տէյվիտ Պիռնպաումի ճամբով Ազգային ժողովին ներկայացուց դիմում մը՝ պահանջելով այդ նիւթը Քեպեքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ դարձնել պարտադիր։ Այդ նիւթը ներկայիս ձգուած է ուսուցիչներու անհատական հայեցողութեան։

Դիմումը, որ 3000 ստորագրութիւն ապահոված է կը նշէ. ”Ցեղային ու մշակութային անհանդուրժողականութիւնը եւ խտրականութիւնը ցեղասպանութեան գործադրման առնչուած նախապայմաններ են”։ Դիմումը կ’աւելցնէ, որ կրթութիւնը երիտասարդութեան մօտ խտրականութիւնն ու ատելութեան արարքները ճանչնալու եւ կանխարգիլելու բանալին է, իսկ ցեղասպանութիւններուն ծանօթ ըլլալը ապագային այդպիսի արարքներու կանխարգիլման համար կենսական է։

Կրթութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Քաթրին Փուլեն յայտնեց, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունի ցեղասպանութեան վերաբերող պարտադիր դասապահ մը‚ որ կը կոչուի ”Արդի աշխարհ”։ ”Այս պահուս դասացուցակը փոխելու մտադրութիւն չունինք”, ըսաւ Փուլեն։

Գանատայի խորհրդարանի Ազատական երեսփոխան Անթընի Հաուզֆատըր յայտնեց, որ ամբողջ Գանատայի տարածքին դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան առնչուող պարտադիր նիւթեր պէտք է ըլլան։ ”Այս մասին անցեալ շաբաթ Գանատայի խորհրդարանին մէջ խօսեցայ եւ անդամի յայտարարութիւն կատարեցի՝ կոչ ուղղելով բոլոր նահանգներուն զայն ներառելու դասացուցակին մէջ”, ըսաւ ան՝ աւելցնելով‚ որ Նիւ Ճըրզիի‚ Նիւ Եորքի‚ Քալիֆորնիոյ‚ Ֆլորտիայի եւ Իլինոյզի նման ամերիկեան կարգ մը նահանգներու կողքին Օնթարիոն, Մանիթոպան եւ Պրիթիշ Քոլումպիան մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամ ամէնէն շատ քայլ առած նահանգներն են։

Գանատայի Քեպեք նահանգի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութիւններու ուսուցումը ներառելու վերոնշեալ նախաձեռնութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։