Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ նախկին նախարար Թոնի Գլեմէնթի հետ

Փետրուար 10-ին, Լաւալի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրալութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ արդիւնաբերութեան նախկին նախարար Թոնի Գլեմէնթի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս։ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրալութիւնը շնորհաւորեց նախկին նախարարը, Գանատայի վերջին ընտրութիւններուն իր վերընտրութեան առիթով։