«Հորիզոն»ի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նախարար Ժոլիի ընդունելութեան

Փետրուար 6-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլիի գրասենեակի բացման ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարար Ժոլիի հարիւրաւոր զօրակիցներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ գանատական զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յարութ Դաւիթեան եւ Արամ Էլակոզ։

Հանդիպման ընթացքին Նախարար Ժոլի ներկայացուց ժառանգութեան նախարարութեան իր պաշտօնատարները, որոնց շարքին է Վազգէն Ոսկեան։ Նախարար Ժոլի մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ Ժառանգութեան նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրը։

Նախարար Ժոլի հայկական պատուիրակութեան հետ առանձնազրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայքնին, Գանատայի վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իր ընտրապայքարին զօրակցելու համար։

Սիլվա Էհրամճեան նախարարին փոխանցեց «Հորիզոն»ի Ամանորի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի բացառիկները։