«ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ»-Ի ՄԵՏԱԼ` ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆԻՆ

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն աջակցութեան համար նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով: