Նախարար Մելանի Ժոլի հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ

Նոյեմբեր 1-ին, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի այցելեց Մոնթրէալի Հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարուհի Ժոլի շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբին, Ահունցիք-Գարթիէվիլի ընտրատարածքին մէջ իր ընտրապայքարին յանձնախումբի ցուցաբարերած զօրակցութեան գծով։ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան յաջողութիւն յայտնեց տիկ. Ժոլիին, յոյս յայտնելով որ ան յանձնախումբին հետ շարունակէ իր համագործակցութիւնը։

Նկար – Ձախէն՝ Նորայր Սերենկիւլեան, Մելանի Ժոլի, Րաֆֆի Տօնապետեան