Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Վարչութեան Դիւանը

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Իր Օգոստոս 27ի ժողովին ընթացքին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը ընտրած է 2015ի նոր դիւանը, որուն անդամներն են՝ Վահէ Մաճարեան (ատենապետ), Պօղոս Փաթաթեան (քարտուղար) եւ Գրիգոր (Կրեկ) Ապաճեան (գանձապահ)։
Վահէ Մաճարեան իր եւ դիւանի անդամներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար՝ միաժամանակ դրուատելով նախորդ դիւանին տարած աշխատանքը։
Նշենք, որ նախորդ տարուան դիւանի ատենապետն էր Շողիկ Եփրեմեան, իսկ քարտուղարը՝ Տօնիկ Տօնապետեան։
Ժողովի աւարտին, Շողիկ Եփրեմեան շնորհաւորեց նորընտիր դիւանը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոր։