Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Արամ Ա կաթողիկոսը կը ներկայացնէ Հայոց պահանջատիրութեան հարցը

(ՀՈՐԻԶՈՆ) ՀՅԴ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Յունիս 19-­ին պիտի մեկնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որ կը կրէ «Արդարութիւն եւ հետեւանքներու փոխհատուցում հայ ժողովուրդին» խորագիրը:

«Արմէնփրէս»-­ին հետ զրոյցին Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ գիտաժողովի հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ հետեւանքներու վերացումն ու պահանջատիրութիւնը: Հիմնական զեկուցողը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, որ պիտի ներկայացնէ Սիսի կաթողիկոսական կալուածի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան դիմելու հայցի մանրամասները: «Ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչումով պէտք է բաւարարուինք, այլեւ քաղաքականացնենք եւ կազմաւորենք հատուցման հարցը: Գիտաժողովին պիտի մասնակցի Ֆրանսուա Օլանտի աջ ձեռքը` խորհրդարանի սոցիալիստական խումբի ղեկավար Պրունօ Լերուն, որ նաեւ հանդէս պիտի գայ ծաւալուն ելոյթով»,­ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ քննարկման ներկայ պիտի գտնուին հայ եւ ֆրանսացի քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ:

«Այս առաջին նմանօրինակ քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ ծաւալուն աշխատանք, որ տարբեր երկիրներու դեսպանատուներու ներկայացնենք պահանջատիրութեան հարցն ու հատուցման սկզբունքը»,­ ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ գիտաժողովի աւարտին հռչակագիր պիտի ընդունուի: Դեռեւս նախորդ տարի Հայաստան­-Սփիւռք համաժողովի ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս ըսաւ, որ կը պատրաստուի Սիսի կաթողիկոսական կալուածը վերադարձնելու պահանջով հայց ներկայացնել Թուրքիոյ Սահմանդրական դատարան: Անթիլիասէն կը շեշտեն, որ եթէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժէ հայցը ու թրքական կառավարութիւնը հրաժարի վերադարձնել կալուածը, ապա հայկական կողմը պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Այժմ խումբ մը իրաւաբաններ կ’աշխատին թղթածրարին վրայ, որպէսզի այն պատշաճ կերպով եւ բարձր մակարդակով ներկայացնեն Թուրքիոյ ՍԴ: Պահանջատիրութեան հարցը նաեւ ամրագրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի հռչակագիրին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցի կարգախօսն է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», որ կ’ենթադրէ ռազմավարական գործողութիւններուն հայկական կողմը մէկ քայլ առաջ պիտի կատարէ եւ միջազգային ճանաչման զուգընթաց նաեւ քայլեր պիտի կատարէ պահանջատիրութեան եւ հետեւանքներու վերացման հարցով:

Table ronde “Justice et Réparation” organisée par le CDCA ANC France le 19 juin 2015 à l’Assemblée Nationale l’intervention de Harout Mardirossian, Responsable du BFCA et du CDCA France.