Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը

Յունիս 2-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ ծերակուտականներ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Նորա Արուշեան բացման խօսքով հակիրճ պատմականը կատարեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման։

Գանատայի մօտ Հ.Հ. Դեսպան Արմէն Եգանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հրաշքի համազօր էր այն իրողութիւնը, որ ի սպառ բնաջնջման եզրին գտնուող ժողովուրդի մը վերջին խլեակները ծառանան եւ փոխեն պատմութեան ընթացքը՝ կերտելով անկախ հայրենիքը: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի խորհրդարանին Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ Հայկական ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու առիթով։

Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարոլտ Ալպրէխթ յայտնեց, թէ Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան, անդրադարձած է հայ ժողովուրդին մէջ անթեղուած վերապրելու կամքին։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ Դատի գծով ծաւալող զարգացումները եւ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։

Արխիւային նկար – Ձախէն՝ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, տոքթ. Հարոլտ Ալպրէխթ