Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ CDH կուսակցութենէն Մահինուր Օզտեմիրի արտաքսումը‏

Պրիւքսել, 29 մայիս, 2015.- Այսօր, Պելճիքայի CDH (Humanist Democratic Centre, Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն) կուսակցութիւնը իր շարքերէն արտաքսեց ծագումով թուրք՝ Մահինուր Օզտեմիրը, որ Պրիւքսելի խորհրդարանի անդամ է. ան նաեւ անդամ է Պրիւքսելի Սքարպեք համայնքի քաղաքապետական խորհուրդին:

Վերջին շրջանին, եւ յատկապէս Ապրիլ 24-ի յաջորդող օրերուն, Պելճիքայի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ ծագումով թուրք երեսփոխաններուն հանդէպ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացած էր, որոնք կը ժխտէին Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ մերժած էին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Օզտեմիր անոնցմէ մին էր:

CDH կուսակցութեան ղեկավար՝ Պենուա Լիւթժեն արդէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ կուսակցութեան մէջ ժխտողական դրսեւորումներ պիտի չհանդուրժէ: Կուսակցութեան կարգապահական (էթիքայի) յանձնաժողովը հարցաքննութեան կանչած է Օզտեմիրը, ուր ան հաստատած է իր ժխտողական կեցուածքը, որուն հետեւանքով ան կուսակցութեան շարքերէն դուրս դրուեցաւ: Կուսակցոթիւնը նաեւ կը պահանջէ, որ ան հրաժարի քաղաքապետական խորհուրդի իր անդամակցութենէն:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ CDH կուսակցութեան այս արդար եւ խիզախ քայլը, որ կը բխի մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներէն, ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Յանձնախումբի նախագահը, եւ աւելցուց.- արդէն բաւական ժամանակ է, որ մենք եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտ կապերու մէջ ենք CDH կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, եւ բարձր կը գնահատենք Լիւթժենի այս քայլը, որ առանց քաղաքական հաշուարկներու, իր խօսքին տէրը կանգնեցաւ եւ կուսակցութենէն հեռացուց Օզտեմիրը: Կ’ակնկալենք, որ այս որոշումը օրինակ հանդիսանայ Պելճիքայի կարգ մը քաղաքական կուսակցութիւններ եւս, որոնք նոյն քայլը պէտք է որդեգրեն, իրենց շարքերէն դուրս դնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտողները: