Հանդիպում Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի փոխ նախագահ, Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախաձեռնող Լորան Մոզարի հետ

Պրիւքսել, մայիս , 13, 2015.- Այսօր, Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի անդամ Լորան Մոզարի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանի միջեւ:

Լորան Մոզար Լիւքսեմպուրկի Քրիստոնեայ սոցիալ ժողովրդական կուսակցութեան (Christian Social People’s Party) անդամ է, եւ խորհրդարանի փոխ նախագահներէն մին է: Մոզար իր կուսակցութեան կողմէ ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի նախագիծ մը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ խորհրդարանի մայիս 6-ի նիստին ընթացքին:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ուզեց իր երախտիգի խօսքը ըսել, եւ իր զօրակցութիւնը յայտնել Մոզարի եւ Լիւքսեմպուրկի քաղաքական ուժերուն իրենց խիզախ եւ արդար քայլին համար, որ կը ճանչնայ մարդկութեան դէմ այս ոճիռը եւ կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ առերեսուելու իր անցեալին հետ:

Մոզար իր յուսախաբութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիան ետ կանչեց իր դեսպանը: Ան նաեւ նշեց, որ անձնապէս ինք ստացած է վարկաբեկիչ նամակներ եւ հեռաձայններ Լիւքսեմպուրկի թրքական համայնքէն, որոնք բանաձեւի քուէարկութեան օրը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էին խորհրդարանին դէմ: Մոզար շեշտեց, որ արդարութեան ճամբան միշտ գերակշիռ է քաղաքական այլ հաշուարկներէ:

Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակով, Արցախի հարցով, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այցելելու Հայաստան եւ Արցախ:

Նկար – Ձախէն՝ Գասպար Կարապետեան, Լորան Մոզար, Պետօ Տէմիրճեան