«Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» համաժողով

«Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ

(arfd.info) Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 Ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին ուսումնասիրողներ եւ մասնագէտներ` Քիւրտիստանէն եւ արտասահմանէն, որոնք ներկայացուցին ուսումնասիրութիւններ, թեզեր, պատմութիւններ, ցուցահանդէսներ` քրտական եւ այլ ժողովուրդներու-կրօններու ցեղասպանութեան ու ջարդերուն վերաբերող: Ներառուած էին նաեւ եզիտիներուն դէմ գործուած ջարդերուն ու հալածանքներուն վերաբերող բանախօսութիւններ` պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ մշակութային տեսանկիւններէ:

Համաժողովը կեդրոնացաւ երեք թեմաներու վրայ` 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ջարդեր, Անֆալի եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը Սատամ Հիւսէյնի իշխանութեան շրջանին եւ եզիտիներու ջարդեր եւ ցեղասպանական արարաքներ:

Վերա Եագուպեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը: Ան անդրադարձաւ պատմականին` ներկայացնելով թիւեր, փաստեր, շօշափելի տուեալներ, նաեւ` թուրքերու եւ օտարներու վկայութիւններուն վրայ հիմնուելով: Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու մասնակցութիւնը, ինչ որ քննարկումի նիւթ դարձաւ համաժողովին մասնակիցներուն, յատկապէս քիւրտ երիտասարդ ուսանողներու կողմէ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին այս կէտին շուրջ յատկապէս:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ քրտական եւ իրաքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան ո՛չ միայն խորհրդաժողովին, այլ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան: Վերա Եագուպեանին հետ կատարուեցան հարցազրոյցներ թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններու թղթակիցներուն կողմէ: Զրոյցներուն ընթացքին հիմնականօրէն շեշտը դրուեցաւ հայ-քիւրտ պատմական յարաբերութիւններուն, հասարակաց պատմական կէտերու եւ անցեալի պատմական փորձառութեան վրայ հիմնուած` ապագայի միացեալ գործակցութեան վրայ, որուն ճամբով երկու ժողովուրդները կրնան տիրանալ իրենց իրաւունքներուն: