Հանդիպում Դաշնակցութեան, Հայ Դատի և ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի պատուիրակութեան “Սիմախիա Բոլիտոն” նախագահ Լիլլիքասի հետ

Երկուշաբթի Ապրիլ 27-ին, “Սիմախիա Բոլիտոն” կուսակցութեան նախագահ Եորղոս Լիլլիքաս ընդունեց կիպրահայ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեան, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Մանուկեան և ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ատենապէտ ընկ. Յակոբ Գազանճեան:

Մէկ ժամնոց տեւող հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսը ու հայութիւնը յուզող հարցեր ու անոնց լուծման ճամբուն վրայ, մեր կազմակերպութիւններու պատկերացումներն ու հնարաւոր գործակցութեան եզրերը:

Հայկական պատուիրակութիւնը պարոն Լիլլիքասին ուղղեց հրաւէր, որ իր պատուիրակութեան հետ այցելէ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, մօտէն ծանօթանալու գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու իրենց տարած գործունէութեան:

“Սիմախիա Բոլիտոն” կուսակցութեան նախագահ Եորղոս Լիլլիքաս ընդունեց հրաւէրը եւ որոշուեցաւ որ հանդիպումը տեղի ունենայ Յունիսին:

Նկար – Ձախէն՝ Սիմոն Այնէճեան, Եորղոս Լիլլիքաս,  Յակոբ Գազանճեան, Յակոբ Մանուկեան