Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը քաղաքականօրէն պայթուցիկ նկատեց Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւնը

(ԱՌՁԱԳԱՆԳ) «Հայոց Ցեղասպանութեան, այդ անծայրածիր խենթ ողբերգութեան 100-ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այն-տեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի», յայտարարեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պա-պը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին:

«Սիրելի հայ եղբարներ եւ քոյեր, տարբեր առիթներով սահմանած եմ, որ կ՛ապրինք պատերազմի ժամանակաշրջան, որովհետեւ ներկայ ենք աւերածութիւններու խենթութեան, որոնք ցաւօք այսօր կը շարունակ-ւին: Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելութեան համար դաժանաօրէն կը սպաննուին, կը գլխատ-ւին, կը խաչուին, կենդանի կ՛այրուին, կամ բռնի կերպով կը տեղա-հանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, դեռ կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղաս-պանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է», ըսած է Հռոմի պապը:

Անոր խօսքով` մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն ողբերգութիւններ ապրած է. «Առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի որպէս 20-րդ դարու համընդհանուր առաջին ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց ձեր ազգը, ինչպէս նաեւ յոյներն ու ասորիները, զոհ գացին նաեւ կանայք, ծերեր, նոյնիսկ երեխաներ: Միւս երկուքի պատասխա-նատուն նացիզմն ու կոմունիզմն էին, ստալինիմզը:

«Կը թուի թէ մարդկութիւնը չի դադրիր անմեղ արիւն սփռելէն, կը թուի, թէ մարդկութիւնը կը մերժէ սորվիլ իր սխալներէն եւ այսօր եւս տակաւին կան ոմանք, որ ջանք կը թափեն վերացնելու իրենց նմանները, մեղսակցութեամբ անոնց, որոնք անտարբերութեամբ չեն գործեր: Դեռ չենք սորվիր, որ պատերազմը խենթութիւն է»:

Պատարագի ընթացքին պապը ողջունեց եւ իրենց ներկայութեեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Պապը ողջունեց նաեւ իր եղբայր պատրիարք եպիսկոպոսները` Ամե-նայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ պատ-րիարքը:

«Կ՛ողջունեմ այն համոզմունքով, որ չարիքը չի գար բարի Աստուծմէ, այլ արդիւնքն է մարդկային դաժանութեան: Երբեք դաժանութիւնը պէտք չէ արդարացուի Աստուծոյ անունով: Մեր աչքերը յառենք բարձ-րեալին, որ յաղթած է չարիքին եւ մահուան», իր խօսքը եզրափակած է Հռոմի պապը:

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի իր քարոզին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի արտասանած «ցեղասպանութիւն» բառին պատ-ճառով Թուրքիան ետ կանչեց Վատիկանի իր դեսպանը՝ «խորհրդակ-ցութիւններու» համար:

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը քաղաքականօրէն պայթուցիկ նկատեց Հայոց սպանդը 20-րդ դարու առաջին ցե-ղասպանութիւնը նկատող Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւնը, «որ վստահաբար տակնուվրայ պիտի ընէ Թուրքիան»:

Յայատարարութեամբ մը Յանձնախումբը կը նշէ, թէ այս ձեւով պապը պատուեց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ կ՛ընդգծէ Սրբազան Քա-հանայապետին յայտարարութիւնը, թէ «պարտականութիւն է յարգել յիշատակը անմեղ այրերու, կիներու, մանուկներու, կղերականներու եւ եպիսկոպոսներու, որոնք անմարդկային կերպող սպաննուեցան օսմանեան թուրքերուն կողմէ»:

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր յայտարարութեան մէջ նշած է նաեւ, թէ պատմաբաններ ու հետազօտողներ Առաջին Հաշախարհային պատերազմի ընթացքին ջարդուած հայերուն թիւը կը գնահատեն մէկ ու կէս միլիոն եւ թէ Ֆրանչիսկոս պապը առաջին պապը չէ որ հայերու ջարդը ցեղասպանութիւն որակած է: