Հանդիպում Դաշնակցային Երեսփոխան Ճօ Տանիէլզի հետ

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի գրասենեակէն ներս, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան ընդունեց Don Valley East-ի Դաշնակցային Երեսփոխան Ճօ Տանիէլզը։ Հանդիպման ներկայ էին Թորոնթոյի ՀՅԴ “Սողոմոն Թեհլիրեան” Կոմիտէի նլրթայացուցիչ Վարանդ Պարսամեան, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Սէմ Մանուկեան եւ Կարէն Մկրտիչեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Տէր Կոմիտաս աւ. քհնյ. Փանոսեան եւ Տ. Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական հարցերուն շուրջ։