Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Եւրոխորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութիւնը‏

Պրիւքսել – Երէկ, փետրուար 4, 2015-ին, Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Եւրոխորհրդարան – Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոխորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանը՝ Եւրոխորհրդարանի մայիս 2014-ի ընտրութիւններէն սկսեալ՝ ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոխորհրդարանի մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ:

Հայաստանի հետ Բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր յունուար 2013-ին, որուն յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն օրերուն ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանէն մեծ թիւով պատգամաւորներ:

Երէկուան վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին՝ Բարեկամութեան խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլէնի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), իսկ փոխ նախագահներ հաստատուեցան՝ դոկտ. Չարլզ Թանոք (Անգլիա, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ բարեփոխումներու խմբակցութիւն), Ֆրանք Էնկել (Լիւքսեմպուրկ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), Միշել Րիվազի (Ֆրանսա, Կանաչներ – Եւրոպայի ազատ դաշինք խմբակցութիւն) եւ Միլթիատիս Քիրքոս (Յունաստան, Ընկերվար դեմոկրատ յառաջդիմական դաշինք խմբակցութիւն):

Դոկտ. Թէոխարուս՝ իր ողջոյնի խօսքին ընթացքին ներկայացուց խումբի առաքելութիւնը եւ կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընթացքին: Ան կարեւորեց Արցախի հիմնահարցի, հայկական դարաւոր մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացումը եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ Խումբին կողմէ ունենալիք ներդրումին՝ Հայաստանին դէպի Եւրոպա մերձեցման: Կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ Բարեկամութեան խումբը աշխատանք պիտի տանի ընդլայնելու իր անդամներուն թիւը, կոչ ուղղելով եւրոերսփոխաններուն՝ միանալու Բարեկամութեան խումբին:

Ապա, իր հերթին, խօսք առաւ Եւրոպական միութեան մօտ ՀՀ մշտական դեսպան՝ պարոն Թաթուլ Մարգարեան. ան իր երախտիքն յայտնեց դոկտ. Թէոխարուսին եւ Խումբին մասնակից եւրոերեսփոխաններուն: Դեսպան Մարգարեան նաեւ անդրադարձաւ ՀՀ – ԵՄ դրական նոր տեղաշարժներուն եւ ակնկալուած դրական արդիւնքներուն մասին: Յայտարարեց նաեւ, որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են, նշելով Եւրոպական Միութեան պատասխանատու յանձնակատարին յայտարարութեան՝ թէ Հայաստանը կարող է ունենալ յառաջիկային նոր համաձայնագիր մը Եւրոպական Միութեան հետ:

Եւրոպայի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի գոյութեան կարեւորութիւնը, որ իր գործունէութեամբ՝ կրնայ աւելի լաւ եւ ճիշտ կերպով կատարել Եւրոպական Միութեան կողմէ ընկալումը Հայաստանի դիմագրաւած հիմնահարցերուն, անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վարած ժխտողական քաղաքականութեան, ու վստահեցուց Խումբի անդամները եւ ներկաները, թէ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ամբողջական կերպով զօրավիգ պիտի կանգնի Խումբին աշխատանքներուն:

Բարեկամութեան խումբի քարտուղար կը շարունակէ հանդիսանալ Եւրոխորհրդարանի աշխատակից՝ Արմէն Անտոնեանը:

Վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ եւրոերեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, Ապրիլ 24-ին պիտի այցելէ Հայաստան՝ ներկայ գտնուելու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն: Բարեկամութեան Խումբը իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի մշակէ յաջորդ քառամեակին կատարելիք իր գործունէութիւնը:

Նկարներ.- https://www.facebook.com/media/set/?set=a.1035140363169915.1073741830.489125751104715&type=3

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ողջոյնի խօսքը (անգլերէն).-